«Ասպարէզ».- Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ իր հովանաւորած եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած «Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» համաժողովը ի մի բերած է Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ճակատագիրով մտահոգ հարիւրաւոր կրօնական առաջնորդներ, կրօնական ազատութեանց եւ մարդկային իրաւանց ջատագով կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ եւ պետական պաշտօնատարներ:

«Հաւասարութեան, ազատութեան եւ ապահովութեան ի խնդիր պայքարելով» նշանաբանին տակ, 10էն 11 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած համաժողովին անգամ մը եւս քննարկուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը եւ Թուրքիոյ մղած ուրացման արշաւին հակադրուելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ մերօրեայ ցեղասպանութիւններուն առաջքը առնել:

Երկու օրերուն ընթացքին, Հայ Դատի ներկայացուցիչները նաեւ առիթը ունեցան հայութիւնը յուզող հարցերու շուրջ խորհրդակցութիւններ ունենալու առաւել քան 100 քոնկրեսականներու հետ։
Համաժողովի ընթրիքին ընթացքին ելոյթ ունոցողներէն մէկը եղաւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան, որ լուսարձակի տակ առաւ հայութիւնը յուզող հարցերը։ Ան նաեւ մասնակցեցաւ հանրային քննարկումներէն մէկուն։
Ելոյթներ ունեցան նաեւ միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերու Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սեմ Պրաունպեք եւ Սպիտակ տան անձնակազմի պետ Միք Մալվէյնի։
Յատկանշական է, որ համաժողովին ընթացքին մեծարուողներէն էին Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետներ Կաս Պիլիրաքիս եւ Ճեքի Սփիր, քոնկրեսական Ճեֆ Ֆորթընպերիի կողքին։
«Հպարտ եմ հայ ըլլալով, սակայն կը ցաւիմ, որ մեր Քոնկրեսը տակաւին պաշտօնապէս Ցեղասպանութիւն չի համարեր առաւել քան հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած 1.5 միլիոն հայերու սպանդը», իր ելոյթին մէջ ըսաւ Ճեքի Սփիր։
Ընթրիքին օրհնութեան աղօթքը կատարեց Արեւելեան Հայոց Թեմի Առաջնորդ Անուշաւան Արք. Դանիէլեան։
«Ի Պաշտպանութիւն Քրիստոնեաներու» կազմակերութեան ծնունդը կու գայ 2014-էն, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. եւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ այլ առաջնորդներ միասնութեան ազդեցիկ կոչ մը ուղղած էին՝ շրջանի քրիստոնէական պատմական համայնքներուն դէմ ուղղուած սպառնալիքը դիմագրաւելու համար: