Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան Գամիշլիի «Զաւարեան» Մասնաճիւղի տարեկան բանակումը տեղի ունեցաւ 5-8 Սեպտեմբեր ֊2019-ին, Կաթողիկէ Համայնքի Ս.Աստուածածին ուխտավայրին մէջ, կազմակերպութեամբ վարիչ եւ դաստիարակ կազմերուն, մասնակցութեամբ 44 պատանիներու:
Բանակումը կոչուեցաւ «Սարդարապատ», որպէս խորհրդանիշ ազատութեան եւ անկախութեան վեհ գաղափարին:
Բանակումը ունէր իր ամէնօրեայ օրակարգը, որ կ՛ընդգրկեր դասախօսութիւն, երգի ուսուցում, մարզական խաղեր, քայլարշաւ եւ խարուկահանդէսի յայտագրի պատրաստութիւն:
Քայլարշաւը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 6 Սեպտեմբերին, դէպի Տըմխիա գիւղի Մար Ահօ ուխտավայր, իսկ Կիրակի, 8 Սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 7։00-ին, Գամիշլիի ՀՄԸՄ-ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ աւանդական խարուկահանդէսը, ներկայութեամբ Ճէզիրէի Հայոց Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տէր Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի, Գերշ. Տէր Մեղրիկ Ս. Եպս. Բարիքեանի, հայ կաթողիկէ եւ լուսաւորչական եկեղեցիներու քահանայ հայրերու, պատկան մարմինի, ազգային եւ միութենական մարմիններու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ պատանիներու ծնողներուն:
Պատանիները հանդէս եկան կազմակերպ շարքերով եւ ներկայացուցին բանաակումի օրերու իրենց հաւաքական գործունէութեան համադրումը:
Բացումը կատարուեցաւ տողանցքով, որմէ ետք խումբ մը պատանիներ վառեցին աւանդական խարոյկը, ապա հանդիսավարները ներկաները հրաւիրեցին մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու անմահ նահատակներու յիշատակը, որմէ ետք հնչեց Սուրիական, Հայաստանի քայլերգները եւ պատանիներու միասնական կատարումով «Մշակ Բանուոր» քայլերգը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ աւարտական կարգի պատանի Հրակ Թէօքմէճեան, որ ամփոփ զեկոյցով ներկայացուց տարեկան բանակումներու նպատակն ու կարեւորութիւնը, որպէս բիւրեղացում պատանիին միամեայ գործունէութեան:
Գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց մեներգներ, մարզական ներկայացում եւ պատմական Հայաստանի գրաւուած նահանգները ներկայացնող երգեր, պարեր եւ ասմունքներ:
Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր հայրական պատգամն ու օրհնութիւնը ուղղեց պատանիներուն եւ ներկայ ժողովուրդին՝ բարձր գնահատելով հանդիսութեան կազմակերպումն ու պատանիներուն ելոյթը, մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ
Հուսկ Սրբազան հայրը, իր շուրջ հաւաքելով մասնակցող պատանիները, մտերմիկ մթնոլորտի մէջ բանակումէն տպաւորութիւններու եւ յուշերու շուրջ զրուցեց անոնց հետ: Զրոյցը ոգեւորեց պատանիներն ու ծնողները: Այնուհետեւ միասնաբար «Տէրունական աղօթք»ի կատարումով, «Պահպանիչ»ով եւ «Մշակ Բանուոր» քայլերգով հանդիսութիւը հասաւ իր աւարտին: Ապա պատանիները իրենց խրախճանքը շարունակեցին ուրախ եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ:

Բժշկհ. Մարի Մելքոն