Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ցաւակցական հեռագիր յղած է ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տան Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին` մօր` Լուսին Քեշիշեանի մահուան առիթով:

ՀՀ վարչապետին աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցին, որ հեռագիրին մէջ, յատկապէս յիշուած է. «Վեհափառ Տէր, խոր ցաւով տեղեկացայ Ձեր մայրիկի` տիկին Լուսինի մահը: Ապրելով հայրենիքէն հեռու` տիկին Լուսինը ընտանիքին մէջ պահպանած է ազգային արժէքներն ու հայ ընտանիքի աւանդոյթները: Վեհափառ Տէր, անոր վառ վկայութիւնն է Սփիւռքի հայապահպանութեան, ազգային ինքնութեան ու մշակութային արժէքներու ամրապնդման միտուած Ձեր գործունէութիւնը:

Վեհափառ Տէր, կը բաժնեկցիմ  Ձեր անդառնալի վիշտը եւ կը սգամ Ձեր կորուստը»: