Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն տեղեկացուցին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ տիկին Նունէ Սարգսեան ցաւակցած են ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին` մօր` Լուսին Քեշիշեանի մահուան առիթով:

Ցաւակցական հեռագիրին մէջ ըսուած է.

«Վեհափառ Տէր,

Խորին ցաւ ապրեցայ` ստանալով Ձեր սիրելի մօր` մեծայարգ Լուսին Քեշիշեանին մահուան գոյժը:

Քաջատեղեակ եմ տիրամայր Լուսինին հանդէպ Ձեր որդիական ջերմ զգացմունքը:

Լաւագոյն յիշատակներ ունինք յարգարժան Լուսին մայրիկին հետ:

Ընդունեցէք, խնդրեմ, մեր եւ մեր ընտանիքի մխիթարանքի ու վշտակցութեան անկեղծ խօսքերը:

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի»: