Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակէն տեղեկացուցած են, որ Սանկթ Փեթերպուրկի մէջ ՀՀ սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան հանդիպած է հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

«Քննարկելի հարցերը կ’ընդգրկեն` սփիւռքի մասնագիտական ներուժի համախմբումէն, մասնագիտական, երիտասարդական հաւաքներու կազմակերպումէն, սփիւռքի քարտէսագրումէն, համահայկական խորհրդատուական մարմին ստեղծելու գաղափարէն մինչեւ տեղւոյն ուսուցիչներու վերապատրաստում իրականացնելու առաջարկներ, մշակութային աշխուժացման ուղղուած աջակցութիւն, մայրենի լեզուի պահպանում եւ երկքաղաքացիութիւն», ըսուած է յանձնակատարի դիմատետրի գրառումին մէջ: