«Երկիր».-Պաշտօնական այցելութեամբ  Վիլնիւս գտնուող արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան 16 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցած է Լիթվիոյ Սէյմասի (խորհրդարանի) խօսնակ Վիկթորաս Փրանցկեթիսի հետ: Հանդիպումին մասնակցած է նաեւ փոխնախագահ եւ եւրոպական հարցերու յանձնաժողովի նախագահ Կետիմինաս Քիրկիլաս:

«Գոհունակութիւն յայտնելով երկու երկիրներու խորհրդարաններուն միջեւ առկայ գործուն  երկխօսութեան համար` ԱԳ նախարար Մնացականեան եւ Սէյմասի խօսնակ Փրանցկեթիս շեշտած են խորհրդարանական հարթակի ներուժի լիարժէք կիրառման համար հետեւողական քայլերու որդեգրման անհրաժեշտութիւնը: Նախարար Մնացականեան յայտնած է, որ Վիկթորաս Փրանցկեթիսի յառաջիկայ Հայաստան այցելութիւնը լրացուցիչ խթան կը հաղորդէ խորհրդարանական երկկողմ յարաբերութիւններու ընդլայնումին:

Ներկայացնելով Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւնը հանդիսացող բարեփոխումներու օրակարգը,  նախարար Մնացականեան դիտել տուած է, որ կառավարութիւնը հաստատակամ է եւ ունի քաղաքական կամք` կեանքի կոչելու բարեփոխումներու գործընթացը` ուղղուած երկրի ժողովրդավարութեան, օրէնքի գերակայութեան եւ մարդու իրաւունքներու ամրապնդման:

Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ գործընկերութեան` նախարար Մնացականեան կարեւոր համարած է Եւրոմիութեան եւ անդամ պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու իրաւական հիմք հանդիսացող ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ գործընկերութեան համաձայնագիրը: Այս առնչութեամբ բարձր գնահատուած է նաեւ Լիթվիոյ կողմէ ՀՀ-ԵՄ համապարփակ գործընկերութեան համաձայնագիրով գործակցութեան խորացման համար ցուցաբերուող աջակցութիւնը:

Հանդիպումին միտքեր փոխանակուած են միջազգային եւ տարածաշրջանային  շարք մը հարցերու շուրջ:

Նոյն օրը ԱԳ նախարար Զոհրապ Մնացականեան հանդիպում ունեցած է նաեւ Լիթվիոյ Սէյմասի մէջ  գործող ամենամեծ բարեկամական խումբին` Լիթվիա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի ղեկավար Կուոտա Պուռոքիենէի եւ խումբի որոշ անդամներուն հետ:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են տեղեկատուական միջոցներու,  ստեղծարար կրթութեան, բնապահպանութեան եւ բազմաթիւ այլ ոլորտներէն ներս գործակցութեան եւ երկիրներու փորձի փոխանակման հեռանկարներուն շուրջ:

ԱԳ նախարարը խորհրդարանականներուն ներկայացուցած է Հայաստանի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները, Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման  գործընթացին մէջ Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները: Զրուցակիցները հաստատած են, որ հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորումը այլընտրանք չունի», յիշուած է հաղորդագրութեան մէջ: