«Երկիր».- Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու բաժինի ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւ «Real» պատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին յայտնած է, որ Ատրպէյճան Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան մասնակցելու հարցը որպէս դիտորդ չի դիտարկեր:

«Ատրպէյճան այժմ ՀԱՊԿ-ին  մասնակցութեան հարցը որեւէ ձեւով չի դիտարկեր», ըսած է ան՝ մանրամասնելով նաեւ, որ Ատրպէյճան ունի սերտ բարեկամական եւ գործընկերային յարաբերութիւններ կազմակերպութեան անդամ բոլոր երկիրներուն հետ, բացառութեամբ Հայաստանի:

Հաճիեւ, միեւնոյն ատեն, շեշտած է, որ, հակառակ անոր, «Ատրպէյճան ուշադիր կը հետեւի ՀԱՊԿ-ի գործունէութեան եւ այնտեղ քննարկուող հարցերուն»:

Աւելի ուշ Երեւանի մէջ, պատասխանելով լրագրողներու հարցումներուն, Ռուսաստանի փոխվարչապետ Իւրի Պորիսով յայտարարած էր, որ Մոսկուա դէմ չէ, որ Ատրպէյճան ՀԱՊԿ-ի մէջ դիտորդի կարգավիճակ ստանայ:

Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութենէն ներս դիտորդի կամ գործընկեր երկրի կարգավիճակին յաւակնող պետութիւնը պէտք է ունենայ դիւանագիտական յարաբերութիւններ ՀԱՊԿ անդամ բոլոր պետութիւններուն հետ: Լրագրողներուն հետ ճեպազրոյցի ընթացքին  պարզաբանած էր Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Աննա Նաղդալեան` արձագանգելով Իւրի Պորիսովի յայտարարութեան:

Աւելցնենք,որ ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներն են Հայաստան, Ղազախստան, Խրխզիստան, Ռուսիա, Տաճիկիստան ու Ուզպէքստան: