«Երկիր».- ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Վանաձորի մէջ հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ըսաւ, որ Ամուլսարի հանքը չշահագործելու պարագային` դրամի վրայ ազդեցութեան որեւէ վտանգ չկայ: Ապա  մանրամասնելով յայտնեց, որ չշահագործուելու պարագային ՀՀ վարկանիշին հանդէպ հարցեր կը յառաջանան:

«ՀՀ վարկը խնդրոյ առարկայ կրնայ դառնալ: Բայց միւս կողմէ, եթէ ՀՀ-ն  ճշմարտութիւնը բացայայտէ, կը պարզուի, որ այդ հանքը չի կրնար շահագործուիլ մեր օրէնքներուն, բնապահպանական ձեւաչափերուն տեսանկիւնէն: Այս պարագային ՀՀ վարկը պահելու հարց չենք ունենար, որովհետեւ ՀՀ կ’ապացուցէ, որ ճշգրտօրէն ուսումնասիրած է հարցը` ՀՀ-ի եւ միջազգային օրէնքներուն համապատասխան», ըսաւ ան ու աւելցուց, որ հանքը շահագործուելու պարագային կրնայ  տնտեսական նպաստ բերել Հայաստանին:

Վարչապետը դիտել տուաւ նաեւ, որ անկախ այն բանէն, թէ Ամուլսարը կը շահագործուի կամ՝ ոչ, ՀՀ տնտեսական կանխատեսումները բաւական լաւ են: