«Երկիր».-Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ 16 Սեպտեմբերին  հանդիպած են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Պութին, Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուելիք հարցերու մասին Թուրքիոյ նախագահի մամուլի կեդրոնը յայտնած է, որ նպատակը Սուրիոյ մէջ  տեղի ունեցող զարգացումները գնահատել է, յատկապէս` Իտլիպի առնչութեամբ, ապահովելու հարցերուն լուծման նպաստող պայմաններ, վերջ դնելու բախումներուն եւ կարելիութիւններ ստեղծելու փախստականներուն կամաւոր վերադարձին համար:

Նախատեսուած է նաեւ, եռակողմ գագաթնաժողովէն բացի, իրականացնել երկկողմ հանդիպումներ` երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ միջազգային օրակարգին առնչուող հարցեր քննարկելու նպատակով:

Թուրքիոյ նախագահի կայքին մէջ  հրապարակուած տեղեկութեան համաձայն,  Էրտողան նախ պիտի հանդիպի Իրանի նախագահին, այնուհետեւ Ռուսիոյ նախագահին հետ, իսկ տեղական ժամով ժամը 15:30-ին տեղի պիտի ունենայ եռակողմ հանդիպումը: