«Ասպարէզ».- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը վերջերս հանդիպում մը ունեցաւ քոնկրեսական Լուսիլ Ռոյպալ Ալարտի հետ, քննարկելով ամերիկահայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան կը յայտնէ, թէ հանդիպումը շատ լաւ առիթ մըն էր նահանգին 40-րդ ընտրատարածքը ներկայացնող քոնկրեսականին ուշադրութեան յանձնելու համար համայնքը հետաքրքրող շարք մը հարցերուն նորագոյն իրադարձութիւնները, որոնց շարքին՝ վաւերացումը Արցախի Հանրապետութեան հետ Միացեալ Նահանգերու յարաբերութիւններու բնականոնացման միտող թիւ 190 բանաձեւին, որուն շնորիւ ամերիկացի պաշօնատարներ պիտի կարենան առանց խոչընդոտներու Արցախ այցելել։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի կառավարական հարցերու համակարգող Սերոբ Աբրահամեան եւ կառավարական հարցերու վարիչ Արսէն Շիրվանեան նշեալ բանաձեւին կողքին, քոնկրեսականին հետ քննեցին նաեւ Արցախի եւ Հայաստանի ամերիկեան յաւելեալ աջակցութեան ու Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացման կարեւորութիւնը, շարք մը այլ հարցերու կողքին։