«Էրմէնիհապեր».-Կիպրոսի նախագահ Նիկոս Անասթասիատիս յայտարարած է, որ կը պատրաստուի ՄԱԿ-ի Գլխաւոր  հաւաքին 74-րդ նիստին Թուրքիոյ հարցը վեր առնել:

Կիպրոսի նախագահը մտադիր է  Թուրքիոյ միջազգային հանրութեան կողմէ արժանի պատասխան ստանալ Կիպրոսի դէմ իրականացուող գործողութիւններուն համար:

Անասթասիատիս նաեւ նշած է, որ համապատասխան քայլեր պիտի ձեռնարկուին Անգարայի  որոշման դէմ, որուն համաձայն` Կիպրոսի թրքական հատուածին մէջ գտնուող Վարոշա քաղաքը պէտք է բացուի կիպրոսաբնակ թուրքերուն եւ զբօսաշրջիկներուն առջեւ:  Կիպրոսի նախագահի պնդումով` Թուրքիոյ այդ նախաձեռնութիւնը կը հակասէ ՄԱԿ-ի  որոշումներուն:

Անասթասիատիս շեշտած է, որ յառաջիկայ օրերուն իր գլխաւոր առաքելութիւնը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ սադրիչ գործողութիւններուն պատասխանել․ «Ես այդ նպատակին համար պիտի օգտուիմ ՄԱԿ-ի մէջ իմ ներկայութենէն, ՄԱԿ-ի իմ ելոյթը լիովին պիտի նուիրեմ այս հարցին եւ պիտի հանդիպիմ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան Խորհուրդի անդամ հինգ երկիրներու ներկայացուցիչներուն եւ ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարին հետ»,  յայտարարած է ան: