«Երկիր».- yeniyasamgazetesi1.com կայքը կը հաղորդէ, որ Տիարպեքըրի Հազրօ շրջանին մէջ գտնուող Չիթլիպահչէ գիւղին մէջ հայերու կողմէն 200 տարի առաջ կառուցուած աղբիւրը կը շարունակէ հոսիլ: Ցեղասպանութեան զոհ դարձած եւ արտաքսուած հայերուն ջանքերով կանգուն մնացած պատմական յուշարձաններէն  է այս աղբիւրը, որ կառուցուած  է 1802-ին: Մօտաւորապէս 200 տարի անդադար հոսող այս աղբիւրէն գիւղացիները եւ՛ ջուր կը խմեն, եւ՛  դաշտերը կ՛ոռոգեն:

Գիւղի բնակիչներէն` 58-ամեայ Շահապըտտին Տաշլըք յայտնած է . «Մօտաւորապէս  200 տարի է ի վեր աղբիւրը կը  շարունակէ հոսիլ: Երբ գիւղին մէջ երաշտի պատճառով գետերը կը ցամքին, այս աղբիւրը կը շարունակէ հոսիլ: Աղբիւրը հայերը  կառուցած են: 1915-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն, մեր գիւղին մէջ գտնուող հայերը  կոտորածի ենթարկուած են: Գիւղի ետեւի մասը գտնուող դաշտերուն մէջ բոլորը սպանուած են: Հիմա ոչ մէկ  հայ  մնացած է»: