«Թերթ».-ԱՄՆ Հայ Դատի Յանձնախումբը (ANCA) Twitter-ի իր էջին վրայ ԱՄՆ-ի Կեդրոնական Հետախուզական Վարչութեան Լեռնային Ղարաբաղին առնչուած գաղտնի պահուած հաշուետուութիւններէն օրինակներ հրապարակած է:

1988-ին, «Կովկասեան յուզումներ եւ ազգայնականութեան սպառնալիք» անուամբ փաստաթուղթին  մէջ կը խօսուի Ղարաբաղի միջցեղային հարցին  մասին:

«1920-ական թուականներուն հայկական մշակութային եւ կրօնական կեդրոն Լեռնային Ղարաբաղի յանձնումը Ատրպէյճանին շարունակական, սակայն ճնշուած հիասթափութեան աղբիւր դարձաւ հայերուն համար», ըսուած  է փաստաթուղթին մէջ:

Փաստաթուղթին մէջ յիշուած է նաեւ , որ Ատրպէյճանի երիտասարդ բնակչութեան թիւի արագ աճումը յանգեցուց երիտասարդ հանրապետութեան` երկրին առջեւ ծառացած կրթական, ընկերային հարցերը լուծելու անկարողութեան. սա ալ յանգեցուց բնակչութեան դժգոհութեան, որ  հայ բնակչութեան դէմ կատարուած յարձակումներով սկսաւ արտայայտուիլ:

Գաղտնի պահուած փաստաթուղթին մէջ նաեւ արձանագրուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը ստեղծուած է 1923-ին հայերու բնակավայրին մէջ, ուր հայերը կազմած են մարզի բնակչութեան 89 առ հարիւր տոկոսը: