ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան Tert.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ակնարկելով Ազգային Ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի եւ ԱԺ «Իմ Քայլը» խմբակցութեան` 17 Սեպտեմբերին կատարած յայտարարութիւններուն` Սահմանադրական դատարանի եւ ՍԴ նախագահ Հրայր Թովմասեանի լիազօրութիւններուն դադրեցման գործընթացի սկսման ըսաւ. «Ո՛չ Ազգային ժողովի նախագահը, ո՛չ խմբակցութեան ղեկավարը նման լիազօրութիւն եւ իրաւասութիւն ունին»::

Սաղաթէլեանի խօսքին համաձայն, շատ յստակ է, որ իշխող քաղաքական ուժը դատական իշխանութիւնը իւրացնելու հակաօրինական ուղին բռնած է, որ անընդունելի  եւ դատապարտելի է: «Իրենց յայտարարած ժողովրդավարական եւ իրաւական երկրին մէջ չի կրնար նման գործընթաց տեղի ունենալ: Իշխանութիւնը, ընդհանրապէս, կը փափաքի «խամաճիկ»ի  նման դատական համակարգ ունենալ, եւ այդ մէկը կ’իրագործէ հանրային պահանջին, ժողովրդավարութեան, արդարութեան հաստատման լոզունգներով»,յայտնեց ան:

Իշխան Սաղաթէլեան, անդրադառնալով արծարծուած կարծիքներուն, թէ պատահական չէ, որ այդ յայտարարութիւնները եղան յատկապէս 17 Սեպտեմբերին` ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցի ակնկալուած փոփոխութեան նախօրեակին, ըսաւ. «Չենք կրնար ըսել, թէ կապ չունի նաեւ այսօրուան դատավարութեան հետ, բայց միայն այս բանով չէ պայմանաւորուած: Սա անձերու պաշտպանութեան հարց չէ, այլ` պետական հիմնարկներու, Սահմանադրութեան, օրէնքներու պաշտպանութեան հարց»:

Ան անդրադարձաւ նաեւ ԱԺ «Իմ Քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Ուլիխանեանի ֆէյսպուքեան գրառումին, թէ «ԱԺ մեծամասնութեան կողմէ որեւէ պաշտօնեայի լիազօրութիւնները դադրեցնելու  գործընթաց սկսելու մասին յայտնելէ առաջ (կամ նոյնիսկ անոր ակնարկելէ առաջ) անմիջապէս  տուեալ պաշտօնեան անյապաղ, առանց այլեւայլի հրաժարական պիտի տայ` անկախ տուեալ պաշտօնեայի ինքնավարութեան աստիճանէն: Առաջնային հովանաւորութեամբ օժտուած միակ կառոյցին դէմ  խաղ չկայ ու պիտի չըլլայ: Ի հեճուկս ԱԺ-ի գործող պաշտօնեային, չի կրնար ըլլալ եւ վերջ: Հրայր Թովմասեան պիտի չի պաշտօնավարէ եւ վերջ: Յոյս ունիմ, որ ինքնակամ կ’երթայ. տակաւին առիթ ունի»:

Յիշեցնենք, որ 17 Սեպտեմբերին ԱԺ նախագահ Արարատ Միրզոյեան խորհրդարանին մէջ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ` անդրադառնալով Սահմանադրական Դատարանին եւ վերջինիս շուրջ ստեղծուած իրավիճակին: ԱԺ նախագահը, յատկապէս, դիտել տուաւ. «Ես կը կարծեմ, որ ՀՀ Աժ-ը, որպէս ՀՀ ժողովուրդի օրինական եւ ղեկավար ներկայացուցիչ եւ առաջնային հովանաւորութեամբ օժտուած միակ քաղաքական հիմնարկ, Սահմանադրութեամբ իրեն վերապահուած լիազօրութիւններով իր դիրքորոշումը պիտի արտայայտէ ՍԴ հարցերուն եւ իրավիճակին մասին»:

ԱԺ «Իմ Քայլը» խմբակցութիւնը 17 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած փակ նիստով յայտարարեց, որ ՍԴ նախագահ Հրայր Թովմասեանի լիազօրութիւնները դադրեցնելու գործընթաց պիտի սկսի,  որպէս հիմք ունենալով վերջինիս կողմէ կարգապահական խախտումը:

Յայտարարութեամբ հանդէս եկաւ նաեւ ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ-ը` կոչ ուղղելով իշխանութեան օրէնսդիր եւ գործադիր ճիւղերուն` դադրեցնելու հակասահմանադրական ընթացքը, հեռու մնալու հակապետական գործողութիւններէն: