«Արմէնփրէս».- Էսթոնիոյ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիգրան Մկրտչեան կը տեղեկացնէ, որ Էսթոնիոյ խորհրդարանէն ներս ստեղծուած է Հայաստան-էսթոնիա բարեկամական խումբ:

«Ուրախ ենք տեղեկացնելու, որ Էսթոնիոյ Ռիյկիքոկ քաղաքին մէջ ստեղծուած է Հայաստան-էսթոնիա բարեկամական խումբ` Ռաիւօ Թամի գլխաւորութեամբ: Յոյսով եմ, որ  փայլուն արդիւնքներ կ’արձանագրուին ` միջխորհրդարանական յարաբերութիւններուն խթանման համար», յայտնած է դեսպանը:

Բարեկամական խումբին մէջ ներառուած են  էսթոնական Օրէնսդիր Մարմինի տասը ներկայացուցիչներ: