13 Սեպտեմբերին Ռուսիոյ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ Դատի արդիական հարցերը ռուս-հայկական յարաբերութիւններուն մէջ» խորագիրով խորհրդաժողով, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Հայ Դատի Մոսկուայի գրասենեակին: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Ռուսիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան արտակարգ դեսպանորդ եւ լիազօր նախարար Պորիս Սահակեան եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Մոսկուայի գրասենեակի ղեկավար Ներսէս Ներսէսեան:

Օրուան բանախօս, ՀՅԴ Բիւրոյի նախագահ Արմէն Ռուստամեան, կարեւոր համարելով հայ-ռուսական ռազմավարական-դաշնակցային յարաբերութիւններու բնականոն զարգացումը, շեշտեց, որ Հայ Դատի պաշտպանութիւնը, թէ՛ պետական, թէ՛ խորհրդարանական եւ թէ հանրային դիւանագիտութեան կարեւորագոյն հարցերէն է, եւ որ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը պէտք է հիմնուի ազգային գաղափարախօսութեան վրայ: Անոր խօսքին համաձայն, ազգային գաղափարախօսութիւնը Հայ Դատի գործունէութեան հիմքն է:
Բանախօսը կարեւոր համարեց նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, Արցախի հարցին կարգաւորման եւ հայ-թրքական հարցերու մէջ ռուս-հայկական գործակցութեան ընդհանուր սկզբունքներու մշակումը, որոնց մէջ պէտք է արտացոլան նաեւ փանթուրքիզմին, փանօսմանիզմին եւ նէուփանթուրքիզմին միատեղ հակազդելու կարելիութիւնները:
«Մենք կրնանք եւ պարտաւոր ենք զարգանալ` առանց զիջելու մեր ազգային, ռազմավարական շահերը: Բոլոր անոնք, որոնք կը յայտարարեն, որ առանց զիջումներու ապագայ չունինք, ոչ միայն կ’արհամարհեն մեր ժողովուրդը, այլեւ, զիջումները պայմանաւորելով կուտակուած հարցերու գոյութեամբ, կը բացառեն անոնց լուծման հայանպաստ տարբերակը», յայտնեց Արմէն Ռուստամեան:
Իր ելոյթին մէջ թրքագէտ Վիքթոր Նադէին-Ռաեւսքին շեշտը դրաւ թուրք պատմագիր եւ ընկերաբան Թաներ Աքչամին նման գիտնականներուն հետ գործակցութեան վրայ: Աքչամ այն թուրք գիտնականներէն է, որ կը ճանչնայ եւ կը քննադատ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Քաղաքագէտ Գրիգորի Թրոֆիմչուկ կարեւոր համարեց գիտաժողովին ծաւալած բանավէճը, շեշտելով, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն մէջ Մայիս 2018-էն ի վեր առկայ են սրումներ եւ տարաձայնութիւններ:
ՀՅԴ Հայ Դատի Մոսկուայի Յանձնախումբի անդամ Սարգիս Սարգսեան իր զեկոյցով նկատեց, որ անհրաժեշտ է ամէն ինչ ընել, որպէսզի ատրպէյճանական հակահայ քարոզչութեան սայլին լծուած ռուս, կամ ռուսաստանեան քաղաքական, հասարակական գործիչներու, քաղաքագէտներու տեսակէտները Հայաստանի մէջ չընկալուին, որպէս Ռուսիոյ պետական, պաշտօնական դիրքորոշում:
Իրենց ելոյթներուն մէջ խորհրդաժողովի մասնակիցները կարեւոր համարեցին Հայ Դատի հարցերու արդարացի լուծման անհրաժեշտութիւնը տարածաշրջանային եւ համապարփակ անվտանգութեան ապահովման առումով:
Նախաձեռնութիւնը եզրափակուեցաւ Համազգային Հայ Մշակութային եւ Կրթական Միութեան «Զէյթուն» ազգագրական համոյթի ելոյթով: