Երկուշաբթի, 16 Սեպտեմբեր 2019-ին, զինուորական պատասխանատուներէ եւ կրօնաւորներէ բաղկացած ռուսական պատուիրակութիւն մը Առաջնորդ Սրբազան Հօր այցելեց։

Ազգային Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումին սրբազան հայրը նախ ծանօթացուց Բերիոյ Հայոց Թեմի աշխատանքները, յիշելով որ Հալէպէն մինչեւ ծովափի, Ճեզիրէի շրջան եւ այլուր, Սուրիոյ բոլոր նահանգներուն մէջ
Համայնքի դպրոցները, եկեղեցիները կանգուն են ու կը գործեն։ Համայնքը ապահով պայմաններու մէջ կ՚ապրի շնորհիւ սուրիական խիզախ բանակին։
Սրբազան հայրը խօսեցաւ նաեւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ վերանորոգութեան եւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին ձեռամբ վերօծման մասին։ Ապա անդրադարձաւ Հալէպի ընդհանուր կացութեան, երկրէն ներս իսլամ-քրիստոնեայ համերաշխ գոյակցութեան, վեր առնելով Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ Ասատի կարեւոր դերը սուրիական ընկերութեան բոլոր բաղադրիչներու խաղաղ գոյակցութեան եւ երկիրը պաշտպանելու պայքարին մէջ։
Սրբազանը բարձր գնահատեց Ռուսիոյ դերը սուրիական տագնապի աւարտին, խաղաղութեան հաստատման եւ մարդասիրական օժանդակութիւններուն մէջ։

Իրենց կարգին, պատուիրակութեան անդամները մօտէն հետաքրքրուեցան հայ համայնքի ներկայ կացութեամբ, իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին համայնքին, դիտել տալով որ կը նախատեսուի մօտօրէն Սուրիոյ յաղթանակը խորհրդանշող յուշարձանի մը տեղադրումը ռուս-սուրիական միատեղ ջանքերով։