Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հրապարակեց 2019-ի /20/ թուակիր հրամանագիրը, ըստ որուն նախքան 14 Սեպտեմբեր 2019 գործուած ոճիրներուն համար դատապարտեալներուն ներում պիտի շնորհուի:
Սուրիոյ արդարութեան նախարար Հիշամ Շաար յայտնեց, որ ներման հրամանագիրին մէջ նկատի չեն առնուած երկրին դաւաճանողներն ու լրտեսները:
Շաար աւելցուց, որ հրամանագրին հրապարակումէն անմիջապէս ետք, Սուրիոյ բոլոր նահանգներու ոստիկանական բաժանումներէն պահանջուած է անոր անյապաղ գործադրումը: