Երկուշաբթի, 16 Սեպտեմբեր 2019-ին, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ Ասթանայի հովանաւոր երկիրներուն խորհրդաժողովը, որուն եզրափակիչ հաղորդագրութեան մէջ յիշուեցաւ. «Ռուսիա, Թուրքիա եւ Իրան շեշտեցին Սուրիոյ Հանրապետութեան գերիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը»:
Անոնք հաստատեցին ՏԱՀԵՇ-ի եւ «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ի զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ պայքարի գծով գործակցութիւնը շարունակելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային ընկերութեան աջակցութիւնը սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձի ապահովման: