Կար­դա՛լ Դաշ­նակ­ցու­թեան փոր­ձա­գի­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի եզ­րա­կա­ցու­թիւնը («Ամուլ­սա­րի Հան­քա­վայ­րը Չի Կա­րող Օգ­տա­գործ­ուել, Երբ Կան Ան­կա­ռա­վա­րե­լի Ռիս­կեր», ՀՅԴ Բիւ­րո­յի Պաշ­տօ­նա­կան Կայք, 13 Սեպ­տեմ­բեր 2019) Ամուսա­րի ոս­կե­հան­քի շա­հա­գործ­ման բնա­պահ­պա­նա­կան վտանգ­նե­րուն եւ անոնց կա­ռա­վա­րե­լիու­թեան հար­ցե­րուն մա­սին։
Թէ­եւ զե­կոյ­ցը կը վե­րա­բե­րի բա­ցա­ռա­պէս Ամուլ­սա­րի ծրագ­րին, պէտք է շեշ­տենք, որ այս խնդ­րով զար­գա­ցող բա­նա­վէ­ճը չի կր­նար ան­տե­սել ընդ­հան­րա­պէս հան­քար­դիւ­նա­բե­րութ­եան ոլոր­տի հա­մա­պա­տաս­խան բա­ցե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Մեծ բաց­թո­ղում­ներ գո­յու­թիւն ու­նին այս մար­զին մէջ եւ տաս­նամ­եակ­նե­րու տեւողու­թեամբ կու­տակ­ուած եւ յե­տաձգ­ուած մեղ­քեր։ Ի վեր­ջոյ կա­ռա­վա­րու­թեան եւ հան­րու­թեան սե­ղա­նին վրայ պի­տի դր­ուի ա՛յս մեծ հար­ցը։ Կա­րե­լի չէ Ամուլ­սա­րով ամուր փա­կել ապա­կա­նու­թեան «դուռ»ը եւ միւս կող­մէ ապի­կա­րօ­րէն լայն բա­նալ «պա­տու­հան»նե­րը թոյլ տա­լով, որ հան­քար­դիւ­նա­բե­րու­թեան աւան­դա­կան տէ­րե­րը շա­րու­նա­կեն թու­նա­ւո­րել մեր բնաշ­խար­հը։
Փոր­ձա­գե­տի­նը հետեւեալն է։ Մենք՝ որ­պէս հան­րու­թիւն պէտք է այժ­մէն դի­տենք եւ տես­նենք, որ միւս հան­քա­տէ­րե­րը սար­սա­փա­հար վի­ճա­կի մատն­ուած են Ամուլ­սա­րի քն­նար­կում­նե­րով…Յու­սամ մատ­նան­շումս յս­տակ է։ Եթէ միւս հան­քա­տէ­րե­րը կը շա­րու­նա­կեն ապ­րիլ իրենց յան­ցա­ւոր երա­նու­թեան մէջ (ընդ­հան­րա­պէս «ուղ­ղոր­դել»ով կա­ցու­թիւնը Ամուլ­սա­րը քա­ւու­թեան նո­խա­զի դիր­քե­րուն վրայ պա­հե­լու), կը նշա­նա­կէ, թէ այս ամ­բողջ բա­նա­վէ­ճը կը ծա­ռա­յէ միայն ու միայն հան­րու­թիւնը խա­բե­լու…
Այս իսկ պատ­ճա­ռով, կեն­սա­կան է, որ ՀՀ հան­րու­թիւնն ու Սփիւռ­քը մօ­տէն առնչ­ուին Դաշ­նակ­ցու­թեան տուած հեռատես գնա­հա­տա­կան­նե­րուն։ Կա­ցու­թիւնը կր­նայ խա­բող ըլ­լալ իր հաս­տատ­ուած անց­եա­լով, բայց ան չի դադ­րիր ճգնա­ժա­մա­յին ըլ­լա­լէ։ Հա­յաս­տա­նը կր­նայ սի­րուն եւ ներշն­չող ըլ­լալ հայ­րե­նա­կա­րօտ մեր ժո­ղո­վուր­դին հա­մար, բայց ան կր­նայ շու­տով վե­րած­ուիլ հան­քար­դիւ­նա­բե­րա­կան աղէ­տի գօտիի, եթէ այժ­մէն խոր­քա­յին քն­նարկ­ման չեն­թարկ­ուի ամ­բող­ջու­թիւնը հան­քար­դիւ­նա­բե­րա­կան դաշ­տին։ Այս գոր­ծին ներդ­րող­նե­րը,և օտա­րազ­գի կամ հայ,և հոս են ոսկի­ին հա­մար միայն եւ ոչ՝ մեր երկ­րի բնու­թեան ու մեր ժո­ղո­վուր­դի առող­ջա­պա­հու­թեան։ Մենք ենք տէ­րը մեր երկ­րին եւ մեր հա­ւա­քա­կան ճա­կա­տագ­րին։ Մենք ենք, որ տի­րու­թիւն պի­տի ընենք մեր մէկ ու մի­ակ այգի­ին։
Կարօ Արմէնեան