Մեր առօրեայ կեանքին մէջ որոշ պատեհութիւններ առյաւէտ կը դրոշմուին մեր յիշողութեան մէջ։ Այդպէս էր, երբ Ազգ. Հայկազեան վարժարանէն ներս հիւրընկալեցինք հայրենի բանաստեղծուհի, գրագիտուհի, հանրային գործիչ տիկ. Սիլվա Կապուտիկեանը (ծնած 1919), որուն ընդունելութեան առիթով աշակերտութիւնը մէկտեղած էինք դպրոցի հանդիսասրահը՝ «Ա. Ահարոնեան» սրահ, ներկայութեամբ այդ շրջանի հոգաբարձու պրն. Գր. Ըպրըքճեանի։ Դպրոցի պաշտօնեաներս այդ շրջանի պատասխանատուներուն թելադրանքով համազգեստ կը հագնէինք։
Նախ ուսուցչուհի մը կատարեց բացման խօսքը, ապա անունները տուաւ 2 աշակերտուհիներու, որոնք ասմունքեցին, յետոյ հրաւիրեց տիկ. Սիլվան, որ բեմ բարձրանալով իր խօսքը ուղղեց աշակերտութեան, թելադրելով տէր կանգնիլ մեր մայրենի լեզուին։ Ան խելահեղ ծափահարութիւններու ներքեւ սրահ իջնելով մեր անձնական յուշատետրերուն մէջ (autographe) քանի մը մաղթանք ալ արձանագրեց։ Ցնծութեան օր էր, մշակութային Կիրակի։ Աշակերտները ճամբեցին զինք դպրոցի քայլերգով։ Հիւրը հրաժեշտ տալէն յետոյ սրտագին բարեմաղթութիւններով մեկնեցաւ։
Յաջորդ հիւրը աշխարհահռչակ գրագէտ Ուիլիըմ Սարոյեանն էր, ծնած Ֆրեզնօ, Քալիֆորնիա, պիթլիսցի ծնողքէ՝ 1908-ին։ Շատ կանուխէն կորսնցնելով հայրը նետուած էր գործի ասպարէզ, ըլլալով լրագրավաճառ, հեռագրատան ցրուիչ, մինչեւ որ յաջողած էր ինքզինք ճանչցնել իբրեւ գրագէտ եւ դասուիլ Ամերիկայի 5 մեծագոյն գրողներու շարքին։
Իր լաւագոյն թատերգութիւնը կը նկատուի «Ձեր Կեանքին Ժամանակը»։ Լաւագոյն վէպը «Մարդկային Կատակերգութիւն»ն է, որ մէկ տարուան մէջ 2 մրցանակ ապահոված է։ Իր լաւագոյն պատմուածքները ամփոփուած են «Անունս Արամ Է» ժողովածուին մէջ։
Իմացած էի նախօրօք, որ Ազգ. Առաջնորդարան պիտի ժամանէ, հետեւաբար յաջորդ առտու խանդավառութեամբ մեկնեցայ դպրոց։ Բաւական ուշ իմացանք իր դպրոց այցելութեան մասին եւ պատշաճ կերպով ընդունեցինք մեծանուն հիւրը։ Ցնծալի պահ էր։ Ինչպէ՞ս յիշատակի նկար մը ունենայի… ակնթարթի մը մէջ նկարուեցանք։
Զիս առաւելաբար տպաւորած են իր հետեւեալ միտքերը. «Աշխարհի երեսին անկարելի է գտնել այն ուժը, որ կարենայ խաթարել մեր ցեղը… փորձեցէք կործանել այդ ցեղը… տեսէ՛ք անոնք պիտի չապրի՞ն… փորձեցէք ջնջել այդ ցեղը…։
Երբ փողոց իջնելով կը պոռայի գլխաւոր լուրը, արդեօք Հայաստանը չէ՞ր որ կը պոռար ինչպէս նաեւ իմ Հայաստանը։ Անիծուած ըլլամ եթէ մոռնամ եւ չեմ կրնար մոռնալ»։
Յաջորդող տարիներուն, դպրոցական մեր առօրեան առաւել եւս հարստացաւ անակնկալ ժամանումովը մեծանուն հայ գրողներու, որոնց տեսնելու պապակը ունէինք։ Հայու բեկորներ էին անոնք, տարագրութիւնը տեսած եւ ապրած զոյգ մտաւորականներ, որոնք մեզի համար փնտռուած գիրքերու հեղինակներ էին։
Անոնցմէ մին Մուշեղ Իշխանն էր ՝ իսկական անունով Մուշեղ Ճենտէրէճեան։ Լիբանանահայ բանաստեղծ, արձակագիր եւ գրական գործիչ։ Ծնած էր Սիվրիհիսար 1913-ին, ուրկէ տարագրուած էր Դամասկոս, ստանալով իր նախակրթութիւնը, ապա անցած Կիպրոսի Մելգոնեան հաստատութիւն, որմէ ուսումը շարունակած էր Պէյրութի Հայ Ճեմարանին, յետոյ Պրիւքսէլի համալսարանէն ներս։ Այնուհետեւ նուիրուած էր գրական, ուսուցչական եւ խմբագրական գործունէութեան։ Գլխաւոր գործերն են՝ «Հացի Եւ Լոյսի Համար», «Հացի Եւ Սիրոյ Համար», «Մնաս Բարով Մանկութիւն», ուր կը թրթռայ մարդկային խիղճը։
«Քնքոյշ, անկեղծ եւ ազնիւ զգացումներու եւ ապրած թախիծի ամպը կ’ընկերանար միշտ՝ Մ. Իշխանի քնարական տողերուն։
Բանաստեղծ Մ. Իշխանի սրտին մէկ թելը կը թրթռար հայրենիքի մէջ ապրող եւ ստեղծող մարդոց համար»։
Միւս այցելուն Կարօ Փօլատեանն էր, ծնած Մարաշ 1919-ին, իր ընտանիքին հետ ենթարկուած էր Մեծ Եղեռնի տեղահանութեան եւ հասած Տէր Զօր։ Հրաշքով փրկուած ու հաստատուած էր Հալէպ, իսկ 1921-25 յաճախած էր Ազգ. Հայկազեան վարժարան ապա Ֆրանսիսկեաններու Լիսէն։ 1929-ին մեկնած էր Ատիս Ապապա (Եթովպիա) եւ պաշտօնավարած էր որպէս ուսուցիչ, ապա Ֆրանսա եւ հաստատուած Մարսէյլ։
Համազգայինի հրաւէրով 1973-ին այցելած էր Պէյրութ եւ 7 տարի որպէս Կեդր. Վարչութեան գործավար տուած էր իր լաւագոյնը։ Նոյն շրջանին ընկերացած էր Մ. Իշխանին, անոր յոբելեանական հանդիսութիւններուն առթիւ կազմակերպուած շրջապտոյտներուն ընթացքին՝ գաղութներուն մէջ ծանօթացնելով Մ. Իշխանի գրական վաստակը։ Ի դէպ, Հալէպի մէջ Մ. Իշխանի նուիրուած հանդիսութեան որպէս գլխաւոր բանախօս Լիբանանէն հրաւիրուած էր Յ. Գեղարդ։ Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Սինեմա Օկարիթէն ներս, խուռներամ բազմութեան ներկայութեան։
Կարօ Փօլատեան «Արեւելքի Տղաքը» վէպով մուտք գործած է հայ գրականութեան անդաստան եւ ծառայած հայ մշակոյթին զարգացման՝ մաս կազմելով հայ մշակութային կեանքի կազմակերպման գործին։ Իր գլխաւոր գործերն են «Կը Հրաժարիմ Հայութենէն», «Արծիւները Անապատին Մէջ», «Կրակէ Շապիկ»։
Մուշեղ Իշխանի հետ Հալէպ այցելութեան ընթացքին հրաւիրուած է դասախօսելու երեք յաջորդական երեկոներ՝ «Ա. Ահարոնեան» սրահէն ներս, ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւած են անոր մտքերուն։
Այդ օրերուն, երբ Ազգ.Հայկազեան վարժարանի Տնօրէնութեան հրաւէրով մտանք տնօրէնութեան սենեակ, հաճելի անակնկալը ապրեցանք տեսնելով զոյգ մտաւորականները՝ Մ. Իշխանն ու Կ. Փօլատեանը, որոնց հետ մտերմաբար զրուցեցինք, խմբանկար մըն ալ ունեցանք։ Մէկ անկնթարթով յաւերժացուցինք այդ պահն ալ։
Էմմա Ազարիկեան