21 Սեպտեմբերը՝ Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի տօնը, հպարտութիւն ներշնչող տօն է իւրաքանչիւր հայու համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան վերահաստատումը ոչ միայն երաշխիքը պիտի հանդիսանար մեր երկրին զարգացման ու յառաջընթացին, այլեւ միջազգային ընտանիքին հետ անոր տարաբնոյթ յարաբերութիւններու մշակման, ինչ որ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային նոր հորիզոններ պիտի բանար ԽՍՀՄ-ի տարիներուն լոկ խորհրդային երկիրներու փակ շրջագիծին մէջ գործող մեր երկրին դիմաց: Անկախութեան հետ, սակայն, այլ հարցեր ծառանալ սկսան անկախ Հայաստանին ու անոր բնակչութեան դիմաց:
Երկրի իշխանութեան հասած շրջանակներուն մօտ պետական մտածողութեան զարգացումը դանդաղ զարգացում ապրեցաւ, համեմատաբար յաջորդական իշխանութիւններու մենատիրական ձգտումներուն:
Պետական հաստատութիւններու գործառութիւնը, երկրի տնտեսական քաղաքականութիւնը ակնկալուած կշռոյթով չզարգացան, որովհետեւ պետական մտածողութիւնը տեղի տուաւ իշխանութեան հասնելու եւ հասնելէն ետք, զայն ամրապնդելու պերճանքին դիմաց:
Տարիներու ընթացքին ընդդիմութիւնը փորձեց ընդգծել երկրի ազգային քաղաքականութեան կարմիր գիծերը, քննադատելով իշխանութիւններուն ընթացքը լուծումներ առաջարկել, սակայն իւրաքանչիւր իշխանութիւն իր լծակներու լաւագոյն օգտագործումով փորձեց ու կը շարունակէ փորձել լուսանցքի մէջ պահել ընդդիմութիւնը, փոխանակ ականջ տալու անոր ձայնին, խթանելու երկխօսութիւնը:
Ներկայ իշխանութիւններու օրով ժողովուրդը խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ յուսալով երկիրը ձերբազատուած տեսնել հատուածական մտածելակերպի աւերիչ ազդեցութենէն եւ պետական մտածողութեան ապագայատեսիլ քաղաքականութեան բարիքները վայելել:
Սակայն պետական կառավարման համակարգի փոփոխութիւնները, դատական համակարգին նկատմամբ նկատելի ճնշումները, երկրի տնտեսութեան դանդաղաքայլ զարգացումն ու փոխարէնը պետական համակարգէն ներս շարունակուող հրաժարականները կրկին լուսարձակները բացին իշխանութեան լծակներու ամրապնդման ուղղուած քաղաքականութեան վրայ:
28 տարիներու ընթացքին կուտակուած սխալները բնականաբար մէկ օրէն միւսը պիտի չսրբագրուին: Այդուհանդերձ, լուծման առաջնորդող քայլերը ցարդ աներեւելի կը մնան: Փոխարէնը ազատ խօսքի կաշկանդումը, հասարակութեան բեւեռացման առաջնորդող քայլերն ու նախկին իշխանութիւններու թերութիւններու լարերուն վրայ անվերջ նուագը տիրող կը դառնան:
 Քսանութամեայ անկախ Հայաստանը կարիք ունի պետական կառավարման հայեցակարգի, ուր ամրապնդուած պիտի ըլլան պետական հաստատութիւնները, ոչ թէ իշխանութեան լծակները, երեւելի պիտի դառնան տնտեսական զարգացման ծրագիրներն ու դատաիրաւական համակարգի անկախութեան փաստերը:
Դէպի ժողովրդավարութիւն անցումը այլ ելք չունի: Անկախութեան հանրաքուէով ու պայքարով ազատութիւն նուաճած մեր ժողովուրդը արժանի է ազատ, անկախ ու ժողովրդավար երկրին բարիքները վայելելու:
«Գ.»