Ամրան արձակուրդը շատ հաճելի էր։ Խանդավառութիւնս բազմապատկուեցաւ, երբ դպրոցս  կազմակերպեց քերմէսի հետաքրքրական ձեռնարկ մը։ Ես խաղերու տաղաւարներէն մէկը ստանձնած էի։ Իւրաքանչիւր փոքրիկ, երբ կը խաղար ու կը յաղթէր, ժպտուն դէմքով շնորհակալութիւն կը յայտնէր ու զիս կ’ուրախացնէր։ Քերմէսը դարձաւ այն միջավայրը, ուր առիթ ստեղծուեցաւ նոր անձերու հետ ծանօթանալու եւ նոր յարաբերութիւններ մշակելու։ Սակայն ուրախ պահերը շուտով աւարտեցան։ Սեպտեմբերի սկիզբը վերամուտը սկսաւ։ Լուրջ, կեդրոնացած աշխատանքը պիտի փոխարինէր ամրան հանգստաւէտ արձակուրդը։

Ուսումը նոյնքան կարեւոր է որքան խաղը, հանգիստը: Կը հաւատամ, որ յարատեւ ջանքով պիտի հասնիմ ծրագիրներուս իրականացման, որպէսզի օգտուիմ գիտելիքներու անսահման աշխարհէն: Այսպիսով  ծնողքս եւ ուսուցիչներս ալ գոհ պիտի ըլլան աշխատանքէս։

Սիլվի Նարինեան
ԺԱ. կարգ
Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական Վարժարան