Գի՜ւղս… Քեսապ: Աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ վայրը ինծի համար: Ծառ, ջինջ օդ, լեռ ու ձոր, մրգաստաններ:
Տարուան չորս եղանակներուն ալ կայ պարտէզի աշխատանք: Գարնան, ծառերը ծաղկելուն՝ կը սկսի քրտնաջան աշխատանքի շրջանը: Առատ բերք ունենալու համար պէտք է հողը դարձնել, ծառերը դեղել, զանոնք ջրել: Գլուխ քերելու ժամանակ չկայ: Ամառուընէ մինչեւ ուշ աշուն բերքահաւաքի շրջանն է: Ամէն առտու կանուխ պարտիզպանը պարտէզն է՝ օգնականներով: Նախ պզտիկ նախաճաշ մը ծառերուն շուքին տակ, ապա՝ գործ: Այս կողմ ջրտուք է, այն կողմ ուրախութեան երգով բերքը կը հաւաքուի սնտուկներու մէջ ու անոր արձագանգը կը տարածուի ամէնուր: Կանչըռտուք.
– Հէ՜յ… սնտուկ հասցուցէ՛ք:
– Հիմա՜, հիմա։
Սնտուկները կը լեցուին բերնէ բերան։
Բերքը յատուկ փոխադրակառքով շուկայ պիտի ղրկուի: Գիւղի համայնական բաժնետիրական ընդարձակ սառնարանը պիտի լեցուի խնձորով, տան մառանները՝ տեսակաւոր պտուղներով։
– Վերջացուցի՞ք քաղելը։
– Դեռ շա՜տ ունինք: Դո՞ւք։
– Այս տարի բերքը առատ է։
Հեւքոտ առօրեային յոգնութիւնը վերջ կը գտնէ, երբ սեղան կը բանան եւ անոր շուրջ կը հաւաքուին: Գիւղի մարդիկ սեղանի շուրջ քէֆ կ’ընեն, ապա Աստուծոյ փառք կու տան. տարուան բերքը առատ էր։
Կրնայ ըլլալ տարի մը բերքը առատ չըլլայ: Կարկուտ եկած կ’ըլլայ: Այն ատեն տղամարդիկ լուռ կը կռուին իրենց շուքին հետ, բայց նոյն ատեն փառք կու տան Աստուծոյ, յաջորդ տարուան Անոր տալիք բերքին համար աղօթելով։
Ձմեռուան հանգիստը կ’անցնի անցնող տարուան պարտէզի յիշողութիւններով եւ գալիք տարուան ակնկալիքներու վրայ մտածելով։
Բոլոր ձմեռը կը սպասեն գարնան, որ վերադառնան պարտէզ՝ դեռ ծառերը չծաղկած:
Սերոբ Դանիէլեան
ԺԲ. Կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան