ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի բանակցութիւնները Արցախի խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու հետ կը շարունակուին:
20 Սեպտեմբերին, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէն հանդիպում ունեցած է «Ազատ Հայրենիք» Կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպումը տեղի ունեցած է «Ազատ Հայրենիք» Կուսակցութեան գրասենեակէն ներս: Դաշնակցութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորած է ՀՅԴ Արցախի ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, «Ազատ Հայրենիք»ի պատուիրակութիւնը` կուսակցութեան ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան:
Դաւիթ Իշխանեան իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ բանակցութիւնները պիտի ընթանան երկու փուլով. առաջին փուլով պիտի ձեւաւորուի միասնական օրակարգ, որուն շուրջ կ’ակնկալեն Արցախի քաղաքական ուժերու համախմբումը:
«Ազատ Հայրենիք»ի ներկայացուցիչներու կողմէն դիտել տրուած է, որ Դաշնակցութեան առաջարկած օրակարգը համընդհանուր հարցերու շուրջ ընդունելի է եւ Արցախի մէջ գործող իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի առաջնահերթութիւն է: Ներկայացուած դրոյթներէն շատերը մաս պիտի կազմեն նաեւ «Ազատ Հայրենիք» Կուսակցութեան նախընտրական ծրագիրին:
Արայիկ Յարութիւնեան դիտել տուած է, որ հանրապետութեան մէջ սպասուող նախագահական ընտրութիւններուն «Ազատ Հայրենիք» Կուսակցութիւնը պիտի մասնակցի սեփական թեկնածուով: Հետեւաբար դէմ է համաձայնուած թեկնածուի գաղափարին: Յարութիւնեան միաժամանակ յայտնած է, որ «Ազատ Հայրենիք» Կուսակցութիւնը պատրաստ է գործակցիլ Դաշնակցութեան հետ, թէ՛ ընտրութիւններու նախնական շրջանին, եւ թէ՛ ընտրութիւններէն վերջ` անկախ ընտրութիւններու արդիւնքներէն:
« «Ազատ Հայրենիք» Կուսակցութիւնը եւ անձամբ ես շահագրգռուած ենք, որ Դաշնակցութիւնը մաս կազմէ իշխանութեան», ըսած է Արայիկ Յարութիւնեան: