ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան տնօրէն Արթուր Վանէցեանի յայտարարութիւնը մտահոգութիւններու առիթ պէտք է տայ։ Ապա ան մեկնաբանեց ԱԱԾ-ի նախկին տնօրէնին հրաժարականին յայտարարութիւնը, ուր կը խօսէր որոշումներու տարերայնութեան, գործողութիւններու յախուռնութեան, սպայի արժանապատուութեան մասին, որ կը յորդորէ «կանգ առնել»։

«Այդ յայտարարութիւնը ընողը պատահական մարդ չէ, այլ ան, որ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան համար թիւ մէկ պատասխանատուներէն մէկն էր։ Աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ չունինք հրաժարականին պատճառներուն համար, բայց գրութիւնը, ելոյթը մտահոգիչ էին ու պատահական ըսուած չէին։ Այս պահուն միայն կարելի է արձանագրել, որ ինչի մասին խօսած է Վանէցեան իր հրաժարականով, մտահոգիչ է», պարզեց ան։
Սահմանադրութեան Դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանի լիազօրութիւնները կանգնեցնելու «Իմ Քայլ»ի նախաձեռնած գործընթացի մասին Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ, որ ՀՅԴ-ին կարծիքը յստակ է. «Իշխանութիւնը հակաօրինական ուղիով, հակասահմանադրական գիծով դատական իշխանութիւնը նուաճելու կ’աշխատի։ Ո՛չ Ազգային Ժողովի նախագահը, ոչ ալ խմբակցութիւնը, այսինքն՝ օրէնսդիր իշխանութիւնը իրաւունք չունի նման ոտնձգութիւններ նախաձեռնել դատական իշխանութեան հանդէպ։ Անշուշտ, իշխանութիւնը իր գործողութիւնները կը փորձէ տեղաւորել դատական համակարգը բարեփոխելու, արդարութիւն հաստատելու կամ հանրային պահանջի անուան տակ, բայց այդ մէկը ազնիւ չէ, որովհետեւ իշխանութիւնը ունի նպատակ՝ իւրացնել, ունենալ դատական ուրոյն, սեփական համակարգ»։

Դատական համակարգը ուրոյն դարձնելու լաւագոյն օրինակը, անոր խօսքին համաձայն, Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդն է. «Անոր լաւագոյն փաստերէն մէկը Բարձրագոյն Դատական Խորհուրդը կրկին բարեփոխման, արդարութիւն հաստատելու քօղի տակ ստեղծեցին Բարձրագոյն Դատական խորհուրդ մը, որ ինչո՞վ լաւ էր նախորդէն, ո՞վ է այժմ ԲԴԽ-ի նախագահը։ Փոփոխութիւններու պարագային իրենք ոչ թէ կը փափաքին ունենալ անբասիր, արդար համակարգ մը, պարզապէս կ’ուզեն, որ ըլլան մարդիկ, որոնք առանց աչք թարթելու պիտի ծառայեն իրենց։

Երբ հարց տրուեցաւ, թէ դատական համակարգին հանդէպ իշխանութիւններու գործողութիւնները կապ ունի՞ն ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի դատական գործին հետ, Իշխան Սաղաթէլեան պատասխանեց. «Չնկատել այդ մէկը, կը նշանակէ իրականութեան ետեւը պահուըտիլ։Ակնյայտ է, որ ոչ միայն Ռոպերթ Քոչարեանի գործին պարագայով, այլ առհասարակ յառաջիկային նախաձեռնուելիք դատավարութիւններուն, քայլերուն համար պէտք է դատական համակարգ մը, դատական իշխանութիւն, որ անվերապահ պիտի կատարէ իշխանութեան հրահանգները։ Իշխանութեան գլխաւոր նպատակն է ունենալ դատական իշխանութիւն, որ անվերապահօրէն պիտի կատարէ իր ցանկութիւնը։ Հակաօրինական քայլի մը առջեւ կանգ չառնէ իր նպատակին հասնելու համար, որ պետութեան համար վտանգաւոր է»։

Անոր համաձայն, ՀՅԴ–ն մատչելի բոլոր միջոցներով պիտի հակազդէ. «Հիմա քննարկումներու մէջ ենք, որ հասկնանք՝ ինչ ձեւով ու ինչ բնոյթով պիտի ըլլան։ Մենք կը համագործակինք 7 կուսակցութիւններու հետ, պիտի խօսինք նաեւ մեր գործընկերներուն հետ»։

Ի պատասխան հարցումին, թէ միայն արտախորհրդարանական ուժերու հե՞տ պիտի գործակցին, թէ նաեւ խորհրդարանական, ան պատասխանեց. « Որովհետեւ նոր պիտի սկսինք, երբ խօսիլ սկսինք պիտի հասկնանք բնոյթը եւ տեղեկութիւն փոխանցենք»։