Աուն. «Օսմանեան Կայսրութեան Մասին Իմ Կատարած Յայտարարութիւնս Ճշմարտութիւն Է»

Բագրատունի. «Դուք Ճշմարտութիւնը Ըսիք, Իսկ Ուրիշներ` Ուրացման Եւ Ահաբեկչութեան Իրականութիւնը»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն ներկայացնող պատուիրակութիւն մը երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի` ողջունելու համար Մեծն Լիբանանի հռչակման 100-ամեակի ձեռնարկներու մեկնարկին առիթով անոր կատարած յայտարարութիւնները:

ՀՅԴ պատուիրակութեան մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Յակոբ Հաւաթեան, Էլի Թաշճեան Ճորճ Սապունճեան եւ Արշօ Պալեան, «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան եւ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն վերահաստատեց Մեծն Լիբանանի հռչակման 100-ամեակի ձեռնարկներու մեկնարկին առիթով իր կատարած յայտարարութիւնները եւ ըսաւ. «Օսմանեան կայսրութեան մասին իմ յայտարարութիւնս ճշմարտութիւն է»:

Ան աւելցուց. «Կարելի չէ անդրադառնալ Մեծն Լիբանանի հռչակման` առանց նշելու անոր նախօրեակին Լիբանանի մէջ տիրած պայմանները, յատկապէս Լեռնալիբանանի սովը, որ լիբանանցիներուն դէմ գործուած սպանդ էր», յայտնեց ան: Նախագահ Աուն շեշտեց յիշողութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը եւ պատմական հակիրճ ակնարկով մը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան ու մէջբերեց Էնվեր փաշայի կողմէ Ճեմալ փաշային յղուած հետեւեալ խօսքը. «Հայերը սուրով ջարդեցինք, իսկ լիբանանցիները սովի պիտի ենթարկենք»:Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ Գահիրէի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի կատարած այն յայտարարութեան, թէ բիւզանդական շրջանին Թուրքիա ապրած է խաւարի տարիներ: Ան օրին պատասխանած է, որ եթէ երբեք պատմաճարտարապետական կոթողներ կան Պոլսոյ մէջ եւ արժանի են հիացմունքի, ապա անոնք բիւզանդացիներէն մնացած են:

Նախագահ Աուն ակնարկեց նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան հետ հեզասահ գործակցութեան եւ քաղաքական դաշինքին, որ 2005-էն ի վեր մինչեւ օրս ամրօրէն կ՛ընթանայ:

Նախագահ Աուն ընդգծեց Լիբանանի դիմագրաւած տնտեսական ներկայ տագնապէն միասնականութեամբ դուրս գալու կարեւորութիւնը: «Բոլորը պէտք է ստանձնեն իրենց պատասխանատուութիւնները եւ յանձնառու մնան սեղմումի փուլին, որուն մէջ մուտք գործած է երկիրը», ըսաւ ան:Նախագահ Աուն հաստատեց, որ երկրին սնանկացումին եւ լիբանանեան թղթոսկիի արժեզրկումին մասին կատարուած արշաւներն ու տեղեկատուական մարզի քարոզչութիւնը վտանգաւոր են: Ան ընդգծեց, որ ներկայ տագնապէն դուրս գալու յաջողութիւնը հաստատ է:

ՀՅԴ պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ երեսփոխան Բագրատունի.

«ՀՅ Դաշնակցութեան, Լիբանանի եւ արտերկրի լիբանանահայ մեր ընկերներուն, ինչպէս նաեւ ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին անունով, եւ իբրեւ ներկայացուցիչներ մեր ժողովուրդին կը հպարտանանք ձեր ազգային կեցուածքներով, որոնք հիմնուած են իրաւունքի եւ արդարութեան վրայ, ըլլան անոնք մեծ խնդիրներ, լիբանանեան եւ շրջանային մակարդակի վրայ, թէ պետականաշինութեան վերաբերող եւ փտածութենէ ու մսխումէ ձերբազատման քայլեր, ինչպէս նաեւ երկիրն ու քաղաքացին վերականգնելու միջոցներ:Մենք ձեզի ճանչցած ենք նախքան հանրապետութեան նախագահի պաշտօնի ստանձնումը: Միշտ եղած էք եւ կը շարունակէք մնալ իրաւունքի, ճշմարտութեան, խիզախութեան, զօրութեան եւ անկեղծութեան խորհրդանիշը:Մեծն Լիբանանի հռչակման 100-ամեակի ձեռնարկներուն մեկնարկին առիթով ձեր պատգամը լիբանանեան խիղճէն բխած պատգամ մըն էր, որ պատմական ճշմարտութիւններ կը բովանդակէր: Դուք ճշմարտութիւնը ըսիք, իսկ ճշմարտութիւնը կ՛ազատագրէ մարդ արարածն ու հայրենիքները, ինչպէս նաեւ մերձեցման եւ երկխօսութեան առիթներ կը ստեղծէ:Դուք ճշմարտութիւնը խօսեցաք, իսկ ուրիշներ իրենց իսկութիւնը բացայայտեցին` մնայուն ուրացման, մշտական ահաբեկչութեան, սպառնալիքի եւ վարկաբեկումի իրականութիւնը: Մենք ձեզ ընտրեցինք Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ, որովհետեւ ճշմարտութեան եւ զօրութեան խորհրդանիշն էք:Մենք ձեր կողքին եղած ենք եւ պիտի մնանք, զօրակցելով ձեր թափած բոլոր ճիգերուն, որոնք կը միտին վերակառուցել լիբանանեան պետութիւնը, ինչպէս նաեւ միասնաբար յառաջ ընթանալ հզօր Լիբանանի կերտումին ի խնդիր: