20 Սեպտեմբեր 2019 թուականը եզակի եւ իւրայատուկ օր եղաւ քուէյթահայութեան համար: Արդարեւ, Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի նորանշանակ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան այսօր Սբ. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց իր Անդրանիկ Պատարագը: Քուէյթահայութիւնը ներկայ էր խուռներամ բազմութեամբ. ներկայ էին ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Տիար Սարմէն Պաղտասարեանը, ՀՀ Հիւպատոս Տիար Վարդգէս Յովսէփեանը, Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի եւ Ազգային Վարչութեան անդամները, ինչպէս նաեւ գաղութէս ներս գործող Միութեանց եւ Մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Հանդիսաւոր Պատարագի ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 28 ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ Հանրապետական Մաղթանք եւ օրհնուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը, զոր Ս. Խորանին մօտեցուցին ՀՄԸՄ-ի սկաուտները:
Նորանշանակ Կաթողիկոսական Փոխանորդ Հայր Սուրբը իր քարոզը սկսաւ Փառք եւ գոհութիւն վերառաքելով առ Աստուած Իր պարգեւած բոլոր բարիքներուն համար եւ վերանորոգելով իր ծառայական ուխտը՝ վերանորոգ հաւատքով ծառայելու մեր ժողովուրդին Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմէն ներս։ Հայր Սուրբը նաեւ իր որդիական երախտագիտութիւնը յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Անոր՝ Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմին Կաթողիկոսական Փոխանորդութեան պատասխանատու պաշտօնը իրեն վստահելուն համար:
Հայր Սուրբը ողջունեց ներկայ հիւրերն ու ազգայինները, գաղութի հոգեւոր հովիւը, քուէյթահայութիւնը եւ շրջանի այլ երկրներու մէջ կայք հաստատած հայորդիները եւ իր առաքելութեան որպէս նշանաբան վերցուց շարականագիրին հետեւեալ բառերը. «Եկայք շինեսցուք սուրբ զխորանն լուսոյ» (Եկէք շինենք լոյսի սուրբ խորանը), ապա աւելցուց՝ «Եկէք շինենք մեր հոգիի խորանը՝ մեր եկեղեցին եւ Ազգային Առաջնորդարանը», խոստանալով ամէն գնով առաւել եւս ծաղկեցնել եւ պայծառացնել Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին ու Ազգային Առաջնորդարանը՝ զարկ տալով քրիստոնէական դաստիարակութեան, վերակազմակերպելով կիրակնօրեայ վարժարանը եւ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով երիտասարդութեան։ Հայր Սուրբը իր միտքը շարունակեց, ըսելով՝ «Եկէք շինենք մեր միտքի խորանը՝ մեր վարժարանը», վստահեցնելով, որ քուէյթահայութիւնը պիտի շարունակէ միասնաբար վերաշինել Քուէյթի Ազգային Վարժարանը, զարկ տալով անոր կրթական ու դաստիարակչական առաքելութեան։
Հոգեշնորհ Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Քուէյթի հիւրընկալ ժողովուրդին, պետութեան եւ անոր վսեմաշուք Էմիրին՝ Շէյխ Սապահ Ալ-Ահմատ Ալ-Ժապէր Ալ-Սապահին, որոնք տարիներ շարունակ ամէն տեսակի դիւրութիւններ ընծայած են հայութեան՝ ապրելու եւ աշխատելու Քուէյթի օրհնաբեր հողին վրայ։
Ապա անդրադառնալով օրուան խորհուրդին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 28 ամեակին, Հայր Սուրբը շեշտեց, թէ քուէյթահայութիւնը առաջին իսկ օրէն գործօն մասնակցութիւն բերած է հայրենիքի պաշտպանութեան, շինութեան եւ պահանջատիրական պայքարի սրբազան աշխատանքներուն եւ պիտի շարունակէ իր ամբողջական զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը բերել հայրենիքի կերտման սրբազան առաքելութեան։ Այս առիթով, ողջունելով Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Սարմէն Պաղտասարեանը: Հայր Սուրբը վստահեցուց, թէ հայ գաղութի եւ դեսպանութեան գործակցութեամբ առաւել եւս պիտի ամրապնդուին զոյգ երկիրներու՝ Հայաստանի եւ Քուէյթի յարաբերութիւնները:
Ս. Պատարագի աւարտին, Հայր Սուրբը հանդիսաւոր թափօրի եւ հոծ բազմութեան ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճ, ուր հնչեցին Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգն ու Կիլիկիա մաղթերքը: Աւարտին, տեղի ունեցաւ աջահամբոյր, որուն ընթացքին Թեմիս նորանշանակ Կաթողիկոսական Փոխանորդը ընդունեց ներկայ հիւրերուն, ազգայիններուն եւ գաղութիս զաւակներուն շնորհաւորանքները: