ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի ելոյթը 21 Սեպտեմբեր 2019-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին նուիրուած հանրահաւաքին,
Սիրելի՛ հայրենակիցներ,
Արդէն 28 տարի է, մեր պատմական հայրենիքի մէկ հատուածին մէջ վեր յառնած հայոց պետականութիւնը վաւերական իրականութիւն է:
1920-ին ընդհատուած մեր անկախութեան երթը նորոգուեցաւ 1991-ին` անսպառ հպարտութեան եւ միաժամանակ պատասխանատուութիւններու, յանձնառութիւններու, պայքարի ու արարումի նոր փուլ դառնալով իւրաքանչիւր հայու համար` ըլլայ Հայաստանի կամ Սփիւռքի մէջ:
Վերանորոգուած անկախութեան տարեդարձը իրարու շնորհաւորելու, հպարտանալու, ձեռքբերումները արժեւորելու հրաշալի առիթ է եւ միեւնոյն ժամանակ` բացթողումներն ու ձախողումները անաչառօրէն վերլուծելու, զանոնք շտկելու եւ լուծումներ գտնելու հերթական փուլ:
Աշխարհաքաղաքական ու ներքին բազմաթիւ մարտահրաւէրներով խիտ`անցնող 28 տարիներուն, բնականաբար, ունեցած ենք խոշոր, ես կ’ըսէի` պատմական ձեռքբերումներ: Անշուշտ, ազատագրուած Արցախը այդ շարքին մէջ առաջիններէն է: Արցախի Հանրապետութեան գոյութեան փաստը` պետականութեան իր բոլոր հիմնարկներով, մէկ իրողութիւն է, համահայկական նուաճում, որուն հետ, անգամ միջազգայնօրէն նկատի չունենալը անհնար է: Այդ յաղթանակը գին ունի, այդ յաղթանակը նուաճած ենք համազգային աննահանջ նուիրումի եւ մեր ժողովուրդի հերոսներու արեան ու սխրանքներու գնով: Այդ յաղթանակի յետագայ ամրագրումն ու միջազգային ճանաչումը պիտի շարունակէ մնալ մեր համազգային օրակարգի առաջնահերթութիւնը, որ ամէն բանէ աւելի համազգային միասնականութիւն կը պարտադրէ:
Քիչ չեն մեր հպարտութիւնը սնուցանող նաեւ այլ ձեռքբերումները: Անցնող 28 տարիներու ընթացքին ստեղծուած եւ ամրապնդուած են մեր անկախ պետականութեան հիմնարկները: Կամաւորական ջոկատներու հիմքին վրայ ձեւաւորուած եւ կայացած է հայոց յաղթանակած բանակը, որ այսօր մեր գոյութեան թիւ մէկ երաշխաւորներէն է: Անցնող շրջանն բարեփոխած ենք Սահմանադրութիւնը, անցում կատարեցինք կառավարման խորհրդարանական համակարգի եւ այլն: Որոշակի ձեռքբերումներ ունենք տնտեսութեան քանի մը ճիւղերուն մէջ: Քիչ չեն նաեւ մեր ստեղծագործ ժողովուրդի անհատական յաղթանակները գիտութեան, մշակոյթի ոլորտներէն ներս:
Սիրելի’ հայրենակիցներ, ինչպէս խօսքիս սկիզբը ըսի, անկախութեան օրը միայն իրարու շնորհաւորելու եւ ձեռքբերումներու մասին խօսելու համար չէ, պէտք է խօսինք նաեւ մեր չըրածներուն եւ սխալներուն , նաեւ` շարունակուող սխալներուն մասին:
Անցնող 28 տարիներուն, անշուշտ, մեր պետութիւնը անցած է բարդ ու դժուարին ուղի: Դիմագրաւած ենք մարտահրաւէրներ, որոնց մէկ մասը եղած են առարկայական, սակայն ունեցած ենք նաեւ բացթողումներ ու սխալներ, որոնք կրնային չըլլալ, եթէ դրսեւորուէր բաւարար քաղաքական կամք, եթէ կարենայինք համազգային շահը վեր դասել խմբային կամ անձնական շահէն:
Անցած 28 տարիներու ընթացքին մենք չենք կրցած ստեղծել համերաշխ հասարակութիւն, զարգացած տնտեսութիւն, արդար պետական եւ արդիւնաւէտ կառավարման համակարգեր, եւ ամենակարեւորը` չենք կրցած մեզ ներսէն խժռող թշնամանքը, ատելութիւնն ու չարութիւնը վերացնել եւ համախմբել հայ ժողովուրդը, ստեղծել ազգային պետութիւն:
Այս էր պատճառը, որ հազարաւոր մեր հայրենակիցներ Ապրիլ 2018-ին փողոցներ իջան: Հանրային պահանջը յստակ էր եւ այլընտրանք չունեցող: 2018-ի իշխանափոխութեան հետեւանքով մեր հասարակութիւնը արդարացիօրէն նոր եւ կտրուկ փոփոխութիւններու պահանջներ ներկայացուց նոր իշխանութիւններուն, եւ շուրջ մէկ տարի առաջ հոս` մեր պետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի յուշակոթողին առջեւ, նոր վարչապետը խոստացաւ կառուցել Արամի երազած Հայաստանը, ան խոստացաւ շարունակել Արամ Մանուկեանի առաքելութիւնը, խոստացաւ ըլլալ արժանի Արամ Մանուկեանին եւ գործել այնպէս, որ ամէն անգամ, անցնելով հոսկէ, կարենայ ուղղակի նայիլ Արամի աչքերուն մէջ:
Սիրելի’ հայրենակիցներ, ես այսօր կ’ուզեմ ուղակիօրէն հարց տալ ձեզի` սա՞ էր Արամի երազած Հայաստանը. Հայաստան, ուր կազմաքանդուին պետական հիմարկները (չկառուցելով աւելի լաւը կամ նորը), Հայաստան, ուր իշխանութիւններու կողմէն անխնայ կ’իւրացուի դատական համակարգը, Հայաստան, ուր իշխանութիւններու քմահաճոյքով մարդը կրնայ մէկ գիշերուան մէջ դառնալ ազգային դաւաճան կամ, հակառակը, դաւաճանէն վերածուիլ ազգային հերոսի, Հայաստան, ուր իշխանութիւններուն հրահրած հասարակական անվստահութիւնն ու ներքին անկայունութիւնը երկիրը կը նետեն ծանր ճգնաժամի մէջ, իսկ հանրութեան կողմէ ձեւաւորուած ներքին ատելութիւնը, հասարակական բեւեռացումը հետզհետէ վտանգաւոր կը դառնան:
Այս բոլորին հետեւանքով օրէ օր անյոյս կը դառնայ խօսիլը այդքան բաղձալի յառաջընթացի եւ վերելքներու, երազած տնտեսական յեղափոխութեան եւ լայնածաւալ ներդրումներուն, հարուստ եւ բարեկեցիկ, ժողովրդավարական երկիր կառուցելու առնչութեամբ:
Սիրելի’ հայրենակիցներ, մենք այսօր` այս տօնական օրը, այս կարեւոր վայրին մէջ կը յայտարարենք, որ Արամի երազած Հայաստանը կառուցելու ճանապարհով չենք երթար, սա երազանքի Հայաստանը չէ, որ Արամ կ’ուզէր: Արամի երազած Հայաստանը իրաւական, ընկերային, ազգային արժէքներու վրայ հիմնուած հզօր Հայաստանն է, Արամի երազանքը հայութեան համախմբումն էր, Արամի երազանքը ոչ թէ անցեալի մղձաւանջին մէջ մնացող Հայաստանն է, այլ ներկայի եւ ապագայի հզօր Հայաստանն է:
Մենք կ’ըսենք` անցեալը ջնջելով, նորը չես կառուցեր, անցեալը` լաւ կամ վատ, բոլորիս է, անցեալի սխալներէն պէտք է դասեր քաղել` զանոնք չկրկնելու համար, պէտք է նայիլ առաջ, այսօր պէտք է գործել ոչ թէ յանուն անցեալի մաքրագործման, այլ յանուն ներկային եւ ապագային, մենք պէտք է նաեւ արժեւորենք մեր անցեալի փառաւոր էջերը, մեր նորագոյն պատմութեան ձեռքբերումները, որոնք շարժիչ ուժն են մեր հետագայ վերելքներուն համար:
Չկան հին ու նոր Հայաստաններ, կայ մէկ Հայաստան, կայ Հայաստանի Առաջին հանրապետութիւն եւ արնո իրաւայաջորդ` այժմու հանրապետութիւնը, եւ ամենակարեւորը` կայ ապագայի Միացեալ Հայաստանը:
Ես այս խօսքերը կ’ըսեմ մեր հազարաւոր հայրենակիցներու անունով, կ’ըսեմ` իբրեւ հայոց պետականութեան ծնունդը իրականացուցած քաղաքական ուժի` Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ, իբրեւ քաղաքական ուժի ներկայացուցիչ, որ մեր պետականութեան այսօրուան եւ վաղուան համար պատասխանատուութիւն կը կրէ:
Մենք երկրի բնականոն զարգացման ընթացքը կանգնեցնող սպառնալիքները կը տեսնենք, մենք կը տեսնենք երկրի անվտանգային համակարգին ուղղուած մարտահրաւէրները, մենք անհանդուրժելի կը համարենք մեր ինքնութիւնը խարխլող արշաւանքը մեր ազգային համակարգերուն եւ արժէքներուն դէմ, կ’արձանագրենք, որ երկրի մէջ տիրող հանրային անհամերաշխութեան մակարդակը սպառնալիք է մեր ազգային անվտանգութեան, մենք կը գիտակցինք, որ պետութեան զարգացման հայեցակարգային ծրագիրներու բացակայութիւնը երկիրը ցնցումներու եւ անկանխատեսելիութեան ուղին կը տանի: Մենք պարզապէս իրաւունք չունինք եւ չենք կրնար սոսկ այս իրավիճակին արձանագրողը ըլլալ:
Հետեւաբար, մեր երկրի ներքին կայունութիւնը, սահմաններու անառիկ պաշպանութիւնը, հասարակական համերաշխութեան ապահովումը, երկրի Սահմանադրութիւնը ոտնձգութիւններէն հեռու պահելը, իրաւական եւ ընկերային արդարութեան պահանջը պիտի շարունակէ մնալ Դաշնակցութեան առաջնային օրակարգը, եւ սա է անկախութեան ու պետականութեան պահպանման, զարգացման եւ հզօրացման գրաւականը:
Ես եմ անկախութեան պաշտպանը, դուն ես անկախութեան պաշտպանը, ան է անկախութեան պաշտպանը, մենք ենք անկախութեան պաշտպանը, հայն է հայու եւ Հայոց պետականութեան պաշտպանը:
Կեցցէ՛ մեր անկախութիւնը, փա՛ռք անկախութեան նուիրեալներուն