«Ասպարէզ».-Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը իր աշխատանքներու մեկնարկը կատարեց 16 Օգոստոս 2019-ին, երբ նաեւ ստորագրուեցաւ միացեալ յայտարարագիր մը, բացումին ներկայ 20 կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Խորհուրդը իր անդրանիկ նիստը գումարեց 14 Սեպտեմբեր, 2019-ին, երբ իր աշխատանքներուն եկան միանալ նաեւ հետեւեալ երեք հեղինակաւոր կազմակերպութիւնները.
• Թէքէեան Մշակութային Միութիւն
• Քեսապցիներու Ուսումնասիրաց Միութիւն
• SEIU արհմիութեան հայկական բաժին
Ժողովը քննարկեց շարք մը օրակարգային ու կազմակերպչական հարցեր ու համապատասխան լուծումներ առաջադրեց:
Խորհուրդը նաեւ հիւրընկալեց Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Պայպուրդեան, որ իր ողջոյնի խօսքին առընթեր նաեւ զեկուցեց վարչապետ Փաշինեանի այցելութեան առնչուող մանրամասնութիւններ:
Խորհուրդը որոշեց իր յաջորդական ժողովները գումարել ամսական դրութեամբ:
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը 23 կառոյցներու միացեալ խորհուրդն է, որ կը ծառայէ անդամ կազմակերպութիւններու միջեւ փոխհասկացողութիւն, գործակցութիւն եւ համախոհութիւն զարգացնելու՝ յանուն հայրենիքի, ազգի եւ համայնքին շահերուն: