21 Սեպտեմբերին, ՀՀ Անկախութեան 28-րդ տարեդարձին առիթով, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններուն կազմակերպած «Անկախութեան երթ-մեր հայրենիք» խորագիրով տօնական նախաձեռնութիւնը սկսաւ քայլերթով:
Մատենադարանի յարակից բաժինէն, երիտասարդներու գլխաւորած երթը` դրօշներով, թմբկահարներու ուղեկցութեամբ, սկսաւ Մաշտոցի պողոտայէն եւ Ամիրեան փողոցներէն` դէպի Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրներէն եւ պետականութեան խորհրդանիշերէն մէկը հանդիսացող Արամ Մանուկեանի արձան:
Երթին նպատակը անկախութեան ոգեկոչումն է, անկախութեան ընկալման բարձրացումը ժողովուրդին մօտ:
Ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:
Տօնական երեկոն շարունակուեցաւ ազգային երգերու կատարողներու եւ Adana Project խումբի մասնակցութեամբ: