Բերիոյ Հայոց Թեմի պատուիրակութիւնը թեմակալ հօր գլխաւորութեամբ
կ՛այցելէ Հալէպի նահանգապետին
Երկուշաբթի, 23 Սեպտեմբեր 2019-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի պատուիրակութիւնը` թեմակալ Առաջնորդ Տէր Մասին Ս.Եպս. Զոպուեանի գլխաւորութեամբ, Ազգային Վարչութեան ատենապետին ու անդամներուn եւ Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի ներկայացուցիչին մասնակցութեամբ այցելեցին Հալէպի նահանգապետին:
Մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ընթացող հանդիպումին, թեմակալ առաջնորդը անդրադարձաւ նախապատերազմեան շրջանին նահանգի զարգացման, յետպատերազմեան շրջանին` վերականգնման եւ պատերազմի տարիներուն` ինքնապաշտպանութեան ուղղութեամբ, Հալէպի հայ համայնքի ունեցած դերակատարութեան:
Սրբազան հայրը ընդգծեց երկրի իշխանութեան կողմէ համայնքին վայելած հոգատարութիւնը, ի մասնաւորի շեշտելով երկրի նախագահին ցուցաբերած մօտեցումը, որուն համար սուրիահայ քաղաքացիները միշտ ալ երախտապարտ եղած են եւ պիտի մնան:
Նահանգապետը անդրադառնալով տարբեր բնագաւառներու մէջ հալէպահայ համայնքի ունեցած ներդրումներուն, յիշեց յանուն նահանգի բարգաւաճման Հալէպի հայ համայնքին դրսեւորած կենսունակութիւնը եւ անհատնում ջանքերը: Ան նաեւ այցելող պատուիրակութեան ճամբով կոչ ուղղեց գաղթող հալէպահայերուն, որպէսզի վերադառնան եւ իրենց սեփական աչքերով վկայեն նահանգին մէջ տեղի ունեցած բարեփոխումներուն մասին, հաստատելով որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի Հալէպը նախապատերազմեան շրջանէն աւելի լաւ դարձնելու:
Հանդիպումին խօսուեցաւ համայնքին թէ նահանգին վերաբերող ծառայողական եւ վերականգնումի կարգ մը աշխատանքներու եւ հարցերու մասին, որոնց առնչութեամբ նահանգապետը յայտնեց իր անվերապահ աջակցութիւնը: