«Արմէնփրէս».- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աշխատանքային այցելութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ` Լոս Անճըլըս կը շարունակուի:
Այցելութեան երկրորդ օրը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան մասնակցած է Հայաստան-Լոս Անճըլըս գործարարներու խորհրդաժողովին: Ժողովին մասնակիցներուն թիւը մօտաւորապէս 250 է` Քալիֆորնիոյ գործարար համայնքի բազմաթիւ անդամներ, Լոս Անճըլըսի գործարար համայնքի շահերը ներկայացնող կառոյցներու ղեկավարներ եւ ներկայացուցիչներ, ԱՄՆ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքերով Հայաստանի վարչապետին եւ անոր գլխաւորած պատուիրակութեան ողջունած են Լոս Անճըլըսի առեւտրաարդիւնաբերական պալատի ղեկավար Մարիա Սալինասը, Լոս Անճըլըսի համաշխարհային առեւտուրի կեդրոնի ղեկավար Սթիւըն Չանկը, Լոս Անճըլըսի առեւտրական միութեան ղեկավար Թրեյսի Էրնանտէսը, Լոս Անճըլըսի Քաղաքային Կեդրոնական Ընկերակցութեան փոխնախագահ Թինա Օհը:
Հայաստան-Լոս Անճըլըս գործարար համաժողովին Հայաստանի վարչապետը հանդէս եկած է ելոյթով, ուր յատկապէս դիտել տուած է.
«Տնտեսական յեղափոխութիւնը կրնայ հիմնուած ըլլալ միայն արդար հիմնարկներու, հաւասար միջավայրի եւ բոլորին հանդէպ անաչառ վերաբերմունքի վրայ: Կառավարութիւնը կ’ըսէ Ո՛Չ փտածութեան, Ո՛Չ մենաշնորհներուն, որպէսզի խրախուսէ մեր ժողովուրդի ստեղծագործ ձիրքն ու տաղանդը եւ հայկական տնտեսութիւնը մրցունակ դարձնէ ինչպէս տարածաշրջանի մէջ, այնպէս ալ աշխարհի մէջ:
Կը կարծեմ, որ մեր բարեփոխումները երկարաժամկէտ եւ ռազմավարական են: Եւ, հետեւաբար, տնտեսական յեղափոխութիւնը երկարատեւ ազդեցութիւն կրնայ ունենալ երկրի տնտեսական զարգացման եւ մարդոց կեանքին վրայ»:
Յաջորդաբար ելոյթներով հանդէս եկած են ՀՀ բարձր ճարտարագիտական արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան, որ անդրադարձած է Հայաստանի տեղեկատուական ճարտարագիտութեան եւ բարձր ճարտարագիտական արդիւնաբերութեան զարգացման ուղղութիւններուն, եւ ՀՀ տնտեսութեան նախարար Տիգրան Խաչատրեան, որ ներկայացուցած է Հայաստանի տնտեսութեան առաջնահերթութիւնները, տնտեսական աճի ընթացիկ շարժումը, ներդրումային միջավայրը:
Արտերկրեայ մասնաւոր ներդրումային հաստատութեան ներկայացուցիչ Պրայեան Չըրչհիլ իր խօսքին մէջ անդրադարձած է հայ-ամերիկեան ներդրումային գործակցութեան զարգացման կարելիութիւններուն:
Հայաստան-Լոս Անճըլըս առեւտուր ֆորումի ընթացքին ստորագրուած է փոխըմբռնումի երկու յուշագիր` ՀՀ բարձր ճարտարագիտական արդիւնաբերութեան Նախարարութեան եւ Լոս Անճըլըսի առեւտրաարդիւնաբերական պալատի միջեւ եւ ՀՀ Տնտեսութեան Նախարարութեան ու Լոս Անճըլըսի համաշխարհային առեւտուրի կեդրոնին միջեւ: Գործակցութեան յուշագրերով Հայաստանը եւ Լոս Անճըլըսը կը զարգացնեն գործակցութիւնը եւ փորձի փոխանակում կ’իրականացնեն, մասնաւորապէս, ճարտարագիտութեան եւ տնտեսութեան ոլորտներէն ներս: