Գերմանացի զինուոր եւ բժիշկ Արմին Վեկներ Օսմանեան Կայսրութիւն ղրկուած էր Համաշխարհային Ա. պատերազմի տարիներուն, երբ երկու երկիրները դաշնակիցներ էին: Վեկներ հաստատուած էր Սուրիոյ եւ Միջագետքի՝ Պաղտատի երկաթուղիի շրջակայքը, ուր ան ականատես եղած էր հայերու տեղահանութիւններուն եւ զանգուածային սպանութիւններուն՝ հետագային յայտնի իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն: Ան քանի մը գիրք գրած է, նկարագրելով ականատեսի իր վկայութիւնները:
Հակառակ անոր որ Օսմանեան Կայսրութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն հայոց ողբերգութիւնը լուսանկարելու դէմ արգելք հաստատած էր, Վեկներ հարիւրաւոր բացառիկ լուսանկարներ նկարած եւ զանոնք գաղտնօրէն տեղափոխած է Գերմանիա: Օսմանեան կառավարութեան պահանջով ձերբակալեցին զինք, իսկ անոր կարգ մը լուսանկարները ոչնչացուեցան: Սակայն Վեկներ յաջողեցաւ իր գօտիին մէջ պահել շատ ուրիշ պատճէններ: 1919-ին Վեկներ Խաղաղութեան Համաժողովին, նամակ յղեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Վուտրօ Ուիլսընի՝ պաշտպանելով Հայաստանի անկախութեան թեզը: 1921-ին Վեկներ վկայութիւն տուաւ Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին, ուր Թեհլիրեան կը մեղադրուէր Պերլինի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպիչներէն՝ Թալէաթ փաշան սպանելու յանցանքով: Գերմանիոյ դատարանը անմեղ հռչակեց Թեհլիրեանը եւ զայն արդարացուց: 1927-1928 Վեկներ իր կնոջ հետ այցելեց Խորհրդային Միութիւն եւ Խորհրդային Հայաստան: 1968-ին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը զայն հրաւիրեց Խորհրդային Հայաստան եւ պարգեւատրեց «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» պատուոյ բարձրագոյն շքանշանով: Վեկներ մահացաւ 1978-ին, Հռոմի մէջ, 91 տարեկան հասակին: Անոր մոխիրներուն մէկ մասը թաղուած է Հայաստանի մէջ:
Վեկների ականաւոր գործընկերն էր հրեայ-աւստրիացի վիպասան, թատերագիր եւ բանաստեղծ Ֆրանց Վերֆէլ: Ան յայտնի էր իր «Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը» վէպով, ուր նկարագրած է Ցեղասպանութեան տարիներուն օսմանեան զօրքերուն դէմ հայերու ի գործ դրած դիմադրութիւնը:
1925 եւ 1929 թուականներուն Վերֆէլ երկու անգամ այցելած է Մերձաւոր Արեւելք: Գտնուելով Սուրիոյ Դամասկոս քաղաք՝ ան հանդիպած է Ցեղասպանութենէն մազապուրծ եղած եւ անմխիթար վիճակի մէջ գտնուող հայ մանուկներու, ինչ որ ոգեշնչած է զինք՝ գրելու «Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը»: Աշխարհահռչակ վէպը լոյս տեսած է 1933-ին, Գերմանիա: Ամբողջ Գերմանիոյ տարածքին Վերֆէլ դասախօսութիւններ տուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին. այս պատճառով զայն մեղադրեցին հակաթրքական քարոզչութիւն տարածելու յանցանքով: Նացիական «Das Schwarze» թերթը դատապարտեց զայն այն բանին համար, որ ան քարոզչութիւն իրականացուցած է «հայերու դէմ գործուած թրքական ենթադրեալ սարսափներու» դէմ: Նոյն գերմանական թերթը, ակնարկելով հայերու եւ հրեաներու միջեւ կապին, դատապարտեց «Ամերիկայի հայ հրեաները՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ Վերֆէլի գիրքի վաճառքին նպաստելու յանցանքով»: Նացիականները այրած են անոր գիրքերը: Վերֆէլ ստիպուած եղած է փախչելու եւ, ի վերջոյ, հաստատուած է Լոս Անճելըս, ուր եւ մահացած է 1945-ին: Անոր մարմինը վերաթաղուած է Վիեննայի մէջ, 1975 թուականին:
Հետաքրքրական է, որ այս երկու նշանաւոր հայամէտ գրողները բախեցան իրարու, երբ Արմին Վեկներ 14 Դեկտեմբեր 1932-ին ծաւալուն նամակ մը գրեց՝ խնդրելով Ֆրանց Վերֆէլէն չգրել իր վէպը՝ «Մուսա Լերան Քառասուն Օրերը», քանի որ ինք հայ ժողովուրդին մասին քառահատոր գիրք գրելու ընթացքի մէջ է: 23 Դեկտեմբեր 1932-ին Վերֆէլ կարճ նամակով մը պատասխանեց Վեկներին՝ բացատրելով, որ իրենց ծրագրած գիրքերը չեն հակասեր զիրար, քանի որ երկուքն ալ կը վերաբերէին Հայոց Ցեղասպանութեան տարբեր երեսներուն: Ես կը փափաքէի շնորհակալութիւն յայտնել Միացեալ Նահանգներու Արմին Թ. Վեկների ընկերութեան նախագահ Զաւէն Խաչատրեանին, որ գերմաներէնէ անգլերէնի թարգմանած է այս երկու նամակները: Երկու նամակներուն գերմաներէն բնօրինակները կը պահուին «Շիլլեր ազգային թանգարան»ին (Shiller-National museum) եւ գերմանական գրականութեան արխիւին մէջ (Deutsches Literaturarchiv), Մարպախ-Նեքար, Գերմանիա: Ահա հատուածներ՝ այս երկու պատմական նամակներէն:
Վեկներ Պերլինի իր տունէն գրած է Վիեննա գտնուող Վերֆէլին: «Երբ քանի մը օր առաջ, երկարատեւ ու ծանր հիւանդութենէ մը ետք ես Մերանէն Պերլին վերադարձայ, առաջին բանը, որ ընկերներս ինծի ըսին, եւ այն, որ կարդացի թերթին մէջ ատկէ ետք, այն էր, որ Ֆրանց Վերֆէլ վէպ կը գրէ հայ ժողովուրդի կործանման մասին: Ես ընկերներուս աչքերուն մէջ տեսայ, որ անոնք կը վախնային այդ լուրով զիս վշտացնելէ, եւ որ՝ անոնք չէին ուզեր այդ բանը ինձմէ պահել:
«Դուք պէտք է իմանաք, սիրելի՛ ընկեր եւ վարպետ, որ ես անձնապէս ծաւալուն վէպ մը կը գրէի հայ ժողովուրդի ճակատագիրին մասին: Ես զարմացած եմ, որ դուք չէք լսած անոր մասին իմ բազմաթիւ հրապարակումներուն միջոցով, եթէ ոչ այլ կերպով՝ Փրուսիոյ արուեստի կաճառի Բանաստեղծութեան բաժինին ուղղուած իմ նամակէս: 1930-ի աշնան ես աւելի մանրամասն ներկայացուցի հայկական վէպիս նախագիծը: Այս նամակը պատճառ հանդիսացաւ, որ կաճառը ինծի աւելի մեծ աջակցութիւն ցուցաբերէ՝ անոր վրայ աշխատելու համար: Կամ, թերեւս, Հայաստանի մասին գրած իմ գրառումներուն եւ գրական շրջանակներու մէջ հանրայայտ փաստով, որ ես կապուած եղած եմ հայ ժողովուրդի ճակատագրի զարգացումներուն, ոգեշնչած եմ ձեզ՝ անդրադառնալու այս ահռելի հարցին, ձեր սեփական ձեւով:
«Դուք կրնաք արդարացիօրէն պատասխանել, որ պատմութիւնը իւրաքանչիւր մարդու եւ արուեստագէտի գործունէութեան ոլորտն է, եւ որ ոչ ոք կրնայ խոչընդոտել զիրենք՝ տարածք ընտրելու իրենց գեղարուեստական ստեղծագործութեան համար, ինչ որ հաճելի կը թուի եւ կը հրապուրէ զիրենք: Այսուամենայնիւ, դուք կը հասկնաք, որ ձեր ծրագիրին պատգամը իմ մօտ յըստակ անհանգստութիւն յառաջացուց, երբ լսէք իմ եւ հայ ժողովուրդի կործանման միջեւ ցկեանս կցորդի ճակատագիրին մասին՝ իբրեւ մարդկային եւ գեղարուեստական փորձառութիւն:
«Կրնայ պատահիլ, եւ շատ պատահած է, որ միեւնոյն նիւթը գրաւած է երկու բանաստեղծներ միաժամանակ եւ իրարմէ անկախ (կամ նոյնիսկ գիտակցաբար): Այդ տեղի ունեցած է վերջերս, երկու թատերագիր, գրեթէ միաժամանակ, թատրերկ գրած են Փանամայի ջրանցքի մասին (նոյն կերպով, երկու գրողներ գրած են «Քոփենիքի Քափիթան» թատրերգութիւնը): Այսպիսին կ’ըլլայ դժբախտութիւնը անոր, որ կու գայ աւելի ուշ, նոյնիսկ եթէ ան աւելի ուժեղ արուեստագէտ է, եւ իբրեւ հետեւանք՝ անոր ստեղծագործութեան յաջողութիւնը կը տուժէ: Նման պարագայի, ան կըրնայ կամ չի կրնար դիւրութեամբ հրաժարիլ արուեստագէտի մէկ գործէն: Այսուամենայնիւ, կանուխ թէ ուշ, ան պէտք է յաղթահարէ ձախողութիւնը: Իմ պարագային, ասիկա կեանքիս գործն է:
«1915-1917 թուականներուն ես Թուրքիոյ բանակի անդամ էի եւ դարձայ եւրոպացի քիչ թիւով ականատեսներէն մէկը՝ հազարամեակներու ընթացքին տեղի ունեցած մարդկութեան ամէնէն սարսափելի ողբերգութիւններէն մէկուն, որուն թերեւս միայն կը զիջէր Համաշխարհային Ա. Պատերազմի ողբերգութիւնը, որուն մէկ մասն էր անիկա: Քանի որ իմ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ կ’երթան մինչեւ մանկութեան տարիներ եւ իմ ընտանիքի կապերը Մերձաւոր Արեւելքի հետ գոյութիւն ունէին արդէն քանի մը սերունդէ ի վեր, ես անպատրաստ չէի զբաղելու այս կործանիչ փորձառութեամբ: Իմ գրած առաջին վկայութիւնները աւելի շատ մարդկային էին, քան՝ բանաստեղծական: 1919-ի գարնան, նախքան որ Լեփսիուսի գիրքերը կարենային բացէ ի բաց տեղ գտնել գրախանութներու մէջ, Թէոտոր Վոլֆ «Berliner Tageblatt»ի մէջ հրատարակեց այդ օրերուն յայտնի նամակս՝ ուղղուած Ուիլսընի՝ հայ ժողովուրդի կործանման մասին: Ես ձեզի կը ղրկեմ այդ նամակին պատճէնը»:
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուիրըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
Սեդա Գրիգորեան