Մամուլին մէջ ազատ խօսքի կամ տեսակէտի իրաւունքի հարցը հրապարակային քննարկումի ենթարկելու «Գանձասար»ի փորձը ողջունելի է։ Առաջին արձագանգը՝ Միհրան Քիւրտօղլեանին կողմէ, պէտք է ըսել, հայ հրապարակագիրի փորձառութիւն ունեցող, այս պարագային նաեւ յաջողագոյն ձեւով կուսակցական պաշտօնական դիրքորոշումներու նկատառումով ազատ տեսակէտ յայտնելու բազմաթիւ օրինակներ հրամցուցած խօ՛սք ըսող մտաւորականի մօտեցում է, որ կարծէք կը բանաձեւէ արդէն ազատ խօսքն ու կուսակցական յանձնառութիւնը համատեղելու խնդիրը։
Գործնական աշխատանքի մէջ հետզհետէ յաճախ կը դիմագրաւենք եւ պիտի շարունակենք դիմագրաւել այս խնդիրը։ Ներկայ աշխարհակարգի համընթաց ձեւաւորուող լրատուադաշտը իր գերարագութեամբ, որեւէ նիւթ հրապարակային քննարկումի ենթարկող իր դրութեամբ, ամէն տեսակի խօսք ամէն տեսակի ոճով հանրայնացնելու բոլոր դիւրութիւնները ունի։
Հարցը կը վերաբերի պատասխանատու գրաւոր մամուլին, առաւել եւս երբ մամուլը կուսակցապատկան է։
Համոզուած եմ, որ խմբագրականներն ու առաջնորդող հանգամանաւոր յօդուածները պէտք է մնան կուսակցական որոշումներու, ճշդուած վարքագիծերու հիմնաւորման սահմաններուն մէջ. համահնչեղութիւնը խմբագրական խօսքին եւ կուսակցութեան որոշումներուն պարտադիր է։ Բայց օրգանը պիտի ունենայ ինքնավստահութիւնը նոյնիսկ իր հրապարակած խմբագրականներուն բովանդակային բաժինները չբաժնող տեսակէտներ հրատարակելու։ Նման երեւոյթ կ’արձանագրուի արդէն համացանցային տարածքներու վրայ նոյնիսկ թերթի պաշտօնական կայքին վրայ։ Եթէ անհամաձայնութիւնը կամ արձագանգը կը պահէ պատշաճութեան ոճը եւ կառուցողական քննադատութեան նորմերը, ապա անպայման պէտք է տեղ տրուի տարակարծութեան։
Գրաւոր բանավէճը օգտակար է. միտքերու բախումէն կը ծնին ու կը բիւրեղանան քաղաքական, մշակութային, ընկերային թէ տնտեսական մտածողութեան ուղղութիւնները։ Այլապէս, միաուղղութիւն գրութիւնները ոչ միայն չեն հետաքրքրեր ընթերցող լսարանը, այլ նաեւ չեն նպաստեր միտքերու շարժին։
Դաշնակցական մամուլը չէ վարանած բանավէճերու տեղ տալէ, հրատարակելով նոյնիսկ Դաշնակցութեան ծրագրին հետ հաշտ չեղող կամ Դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծը չբաժնող յօդուածներ, անշուշտ գերակայ դարձնելով կուսակցութեան ուղղութիւնն ու ծրագրային դրոյթները կա՛մ խմբագրականով, կա՛մ պատասխան յօդուածով։
Խմբագրական նոթեր, պատասխան յօդուածները կամ նոյնիսկ խմբագրականով տարակարծութեան մը պատասխանելը կ’օգնեն բազմակարծութեան եւ հետեւաբար ազատ խօսքի իրաւունքի յարգումին։
Մեր մամուլը քննական մտածողութեան ձեւաւորման համար, բազմակարծութեան հարթակ տրամադրելու անհրաժեշտութեան դէմ յանդիման կը գտնուի։ Հաւասարակշռուած մօտեցում մը կենդանութիւն եւ յաւելեալ աշխուժութիւն կրնայ ապահովել մեր մամուլին։
Շահան Գանտահարեան
«Ազդակ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր