Գիշեր է, ամրան վերջին գիշերներէն: Մեր ընտանիքի հնամենի սովորութեան համաձայն, մինչեւ աշնան առաջին անձրեւին տեղալը պատշգամ կը քնանանք:
Այս գիշեր ուրիշ է լուսինը, աւելի՛ կլոր է, աւելի լուսաւոր: Աստղերը կարծէք անշուք են այս գիշեր:
Ակամայ յիշեցի անցեալը, երբ ամէն ինչ հեքիաթային ու կախարդական էր, երբ կը հաւատայի, թէ զգեստապահարաններուն ետին ուրիշ աշխարհ մը գոյութիւն ունի, կամ երբ ինկած ակռադ բարձիդ տակ դնես, հրեշտակը պիտի գայ եւ ակռայիդ փոխարէն դրամ պիտի դնէ… եւ որքա՜ն խելօք ըլլաս՝ այնքան շատ դրամ:
2006 թուականի աշնանամուտն էր, Խաչվերացին յաջորդող մեռելոցի օրը, իսկ ամառնային արձակուրդի վերջին օրը: Գերեզմանատունէն ելլող մեր ազգականները հաւաքուած էին մեր տունը: Բոլորին ուշադրութեան կեդրոնը ես դարձած էի: Չէ՞ որ յաջորդ օրը առաջին դասարան պիտի ըլլայի:
Որքան մեծ էր ոգեւորութիւնս, նոյն քան միտքս զբաղած էր ուրիշ բանով: Ստորին ծնօտիս ակռան կը շարժէր: Առաջին շարժող ակռաս, եւ ես կը մտածէի՝ արդեօ՞ք մինչեւ վաղը պիտի իյնար ակռաս եւ ես դպրոց պիտի երթայի «մեծցած»:
Ինչեր փորձեցի ընել, որ ակռաս իյնայ: Նախ Քեսապի ամուր խնձոր մը կերայ, բայց ապարդիւն… ակռաս կապեցի եւ թելով միացուցի դրան, այդ ալ չօգնեց: Եւ այսպէս շարունակ, սակայն ոչ մէկ արդիւնք… Ամբողջ գիշերը կÿաղօթէի, որ մինչեւ դպրոց երթալս իյնար սա ակռաս: Յուսահատած մտայ անկողին: Առտու կանուխ արթնցայ: Բոլորը քնացած էին: Մատս տարի ակռայիս ու թը՛փ… սպիտակ, փոքրիկ ակռաս ինկաւ ձեռքիս մէջ: Վազեցի դէպի մայրս ու արթնցուցի զինք: Թէեւ արիւնը բերնէս կը հոսէր, սակայն ուրախութիւնս չափ չունէր:
-Մա՛մ, մա՛մ,և գոռացի: Խեղճ կինը ձեռքը-ոտքը իրար անցած արթնցաւ, մինչդեռ ես հպարտութեամբ ըսի,և Մա՛մ, այեւս մեծ եմ:
Անսահման ուրախութեամբ գացի դպրոց: Բոլոր ընկերներուս ցոյց կու տայի ինկած ակռաս… Ցոյց կու տայի այն ընկերներուս, որոնք հիմա ցրուած են աշխարհի չորս ծագերը: Անոնցմէ ոմանք հիմա հասած են իրենց երազանքներուն, ոմանք կեանքի բերումով ստիպուած են մոռնալ իրենց երազանքերը: Ոմանց հետ մինչեւ հիմա կապ կը պահեմ: Ոմանց հետքն անգամ չկայ, նոյնիսկ ընկերային ցանցերու վրայ:
Այս գիշեր ուրի՛շ է լուսինը, աւելի՛ կլոր է, աւելի՛ լուսաւոր: Ան կը յիշեցնէ անցած հեքիաթային ու կախարդական օրերը, որոնք ալ երբեք պիտի չվերադառնան…:
Վեհան Պարսումեան