Տնական պահածոներ պատրաստելու շրջան է: Ինչե՜ր պիտի պատրաստուին ձմրան ընդառաջ՝ մարան ու սառցարան լեցնելու համար: Օդը արեւոտ է: Տան հայրը բերած է սնտուկներով լոլիկ, որ ռուպի պիտի վերածուի: Լոլիկները հոսող ջուրի տակ կը լուացուին, ապա կը լեցուին տաշտին մէջ: Ընտանիքին բոլոր անդամները մեղուներու պէս գործի վրայ են: Ոմանք կը ջարդեն, ոմանք կը քամեն: Հիւթը պատրաստ է եփելու: Պղինձէ տաշտին տակ կրակը կը ճարճատի: Դրացիները, երբ եփող լոլիկին հոտը կը տարածուի, կը հասնին օգնութեան: Կու գան չոր փայտ մը նետելու կրակին մէջ, թարմ ռուպի մասին իրենց կարծիքը տալու: Հիւթը կը սկսի պնդանալ: Կարմիր վարդերու պէս փըթ-փըթ կը բացուի: Հովը անո՜ւշ կը փչէ ու այդ զով օդին՝ կրակին դէմ լոլիկին ջուրը խառնողին կարմիր ու տաք այտերուն վրայէն դեղի պէս կ’անցնի: Երիտասարդներ պղինձէ տաշտը կրակէն վար կ’առնեն: Տան մայրը եւ դուստրը բացօթեայ սեղան կը պատրաստեն, իսկ տղամարդիկ՝ խորոված: Սեղան կը բերուի այդ օրուան առաջին պնակը. պնակ մը լոլիկի ռուպ՝ ձէթով զարդարուած: Ամէն մարդ սեղան կը նստի:
ևՎա՜յ, ինչպէ՞ս մոռցանք սեղան բերելու ամէնէն համով ուտելիքը՝ խորոված գետնախնձորը,և որ բերնիդ մէջ կը հալի համով-համով, լոլիկի ռուպին հետ: Լոլիկի ռուպին պատրաստութիւնը արարողութիւն է, որ կը կրկնուի ամէն տարի:
Մեղեդի Աբէլեան
ԺԲ. կարգ
Քեսապի Ազգ. Ուսումնասիրաց Միացեալ Ճեմարան