Հայաստանի մէջ ընթացող զինուորական լայնածաւալ վարժութիւններու շրջագիծէն ներս հաւաք կազմակերպած է նաեւ ՀՅԴ պահեստազօրայիններու գումարտակը: Շուրջ 450 դաշնակցական կամաւորականներ եւ պահեստազօրայիններ մասնակցած են հաւաքին:

Անոնց պատրաստութեան աստիճանը եւ կազմակերպուածութիւնը ստուգած է նաեւ Զինեալ ուժերու գլխաւոր շտապը:

Յիշեցնենք, որ Ապրիլեան պատերազմի ընթացքին ալ, ինչպէս 90-ականներուն դաշնակցականները մասնակցած են հայրենիքի պաշտպանութեան գործին: Գումարտակն ալ ձեւաւորուած է ուղղակի Ապրիլեան պատերազմէն յետոյ՝ Շուշիի առանձին գումարտակին հիման վրայ: