Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Այնճարի Կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին, Շաբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանի եւ նախագահ Սիմոն Սիմոնեանի հետ:

ՀՅԴ Այնճարի Կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի անդամ Մարինէ Գարայեան կոմիտէութեան եւ հայրենակիցներուն անունով բարի գալուստ մաղթեց Այնճար եկած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանին եւ նախագահ Սիմոն Սիմոնեանին: Ան իր խօսքին ընթացքին ամփոփ կետերու մէջ ներկայացուց ընկերներուն կենսագրականը:

Սաղաթէլեան եւ Սիմոնեան ներկայացուցին Դաշնակցութեան քաղաքական ուղեգիծը` իբրեւ ընդդիմադիր կուսակցութիւն, որ միայն իշխանութեանց սխալները չի մատնանշեր, այլ նաեւ այլընտրանքներ կը ներկայացնէ:

Ապա անոնք պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն: