ԻՇԽԱՆ ՍԱՂԱԹԷԼԵԱՆ. «ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՆՔ ՄԻԱՍՆԱԿԱՄ, ՉԿԱՆ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ԿԱՅ ՄԷԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ, ՄԷԿ ՀԱՅՐԵՆԻՔ, ՄԷԿ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿ` ԱԶԱՏ, ԱՆԿԱԽ ԵՒ ՄԻԱՑԵԱԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»

ՅԱԿՈԲ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ. «ՄԵՐ ԿԵԱՆՔԸ, ԱՊՐՈՒՄՆ ՈՒ ՊԱՅՔԱՐԸ ՄԵՐ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ, ՍՐՏԵՐՈՒՆ, ՄՏՔԵՐՈՒՆ, ՄԵՐ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԲՌՈՒՆՑՔԻՆ ՄԷՋ Է»
«Ազդակ».-Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ տարբեր մթնոլորտ կը տիրէր Կիրակի, 29 Սեպտեմբերին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն մինչեւ կէս գիշեր, որովհետեւ անիկա համախմբման վայր դարձաւ լիբանանահայութեան համար` առանց տարիքի ու սեռի խտրութեան: Արդարեւ, «Մի՛շտ միասին» խորագիրը կրող ժողովրդային փառատօնին, որ կազմակերպուած էր ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Հանրային կապերու մարմինին կողմէ, մասնակցեցան մեծաթիւ հայորդիներ, որոնց իւրաքանչիւրին հետաքրքրութեան եւ ճաշակին համաձայն խաղեր, երաժշտութիւն եւ ուտեստեղէններ տրամադրուած էին:
Տպաւորիչ, ուրախութիւն եւ յուզում առթող էր պատկերը` հոն էին մանուկն ու պատանին, մայրերն ու հայրերը, երիտասարդներն ու միջին տարիքի ներկայացուցիչները, հոն էին ծերունիները, գաւազանին յենած քալողները, բոլորը եկած էին միասնաբար, Դաշնակցութեան հետ վայելելու, հաճելի պահեր անցընելու, սրտի խօսքեր լսելու, տարբեր ոճի երգերով ապրելու, զուարճանալու, լիցքաւորուելու եւ բարձր տրամադրութեամբ ու գոհունակ սրտերով տուն վերադառնալու:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Հանրային կապերու մարմինին անունով խօսք առաւ Յակոբ Հաւաթեան: Ան խօսքը ուղղելով բազմահազար ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք ձեր գործնական մասնակցութեամբ եւ ինքնակամ համոզումով տուած էք փաստը «Մի՛շտ միասին» ըլլալու ըմբռնողութեան, եւ իրերայաջորդ սերունդներ այս բացարձակ իրականութիւնը ու խոր ճշմարտութիւնը քանդակած են հայ կեանքի երկնակամարին վրայ: Այսօր մենք բոլորս` ամբողջ լիբանանահայութիւնը, երեկոյեան ժամը 5:00-էն ժամադրուեցաւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին մէջ մասնակցելու տօնախմբութեան: Մենք այսօր կ’եզրափակենք տօնախմբութիւնը` նշելով Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տարեդարձը»:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, որ նախ իր ուրախութիւնը եւ յուզումը յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնը Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ նշելուն համար: Ան ըսաւ, թէ պատիւ է իրեն համար ներկայ գտնուիլ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան նուիրուած ձեռնարկին, ապա հաստատեց, որ լիբանանահայութիւնը անցնող տարիներուն ընթացքին հետեւողական ինքնուրոյն մասնակցութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան զարգացման գործին մէջ թէ՛ տնտեսական, թէ՛ ընկերային, թէ՛ քաղաքական, թէ՛ մշակութային եւ թէ՛ միւս բնագաւառներուն մէջ: Լիբանանի հայ համայնքը իր մէկ դարեայ պատմութեան ընթացքին դիմակայած է շարք մը դժուարութիւններ, բայց այդ դժուարութիւնները յաղթահարած է պատուով ու արժանապատուութեամբ եւ պետականութեան բացակայութեան պայմաններուն մէջ միշտ վառ պահած է հայոց պետականութեան եւ պահանջատիրութեան ջահը: Լիբանանի հայ համայնքը նաեւ սրբօրէն պահած ու պահպանած է հայ արժէքները, հայ եկեղեցին, հայոց լեզուն եւ մշակոյթը:
Ապա խօսքը ուղղելով ժողովուրդին Սաղաթէլեան ըսաւ. «Դուք այսօր ձեր հայրենիքին մէջ չէք ապրիր, ցեղասպան թուրքը ձեզ զրկած է ձեր հայրենիքէն, բայց չէ կրցած ձեր մէջ սպաննել հայրենիքը, հայրենիքը ձեր մէջ է, ձեր ծիներուն մէջ է, ձեր արեան եւ էութեան մէջ է: Ճիշդ այստեղ բոլորին աչքերուն մէջ կը տեսնեմ մայր հայրենիքը` Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Արցախը: Ես Հայաստանէն եկած եմ ոչ թէ պատգամներ ըսելու, այլ իմ երախտագիտութիւնս յայտնելու լիբանանահայ հերոսական ժողովուրդին: Լիբանանահայ այն հերոս զաւակներուն, որոնք արցախեան ազատագրական պայքարի ճիշդ առաջին օրերուն նետուեցան սահման` մեր հայրենիքը պաշտպանելու համար: Անգամ մը եւս յարգենք, յիշատակենք եւ խոնարհինք Վիգէններու, Մհերներու, եւ միւս բոլոր հայորդիներուն առջեւ, որոնք պաշտպանեցին մեր հայրենիքը»:
Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այսօր նոր աշխարհաքաղաքական իրավիճակներու եւ նոր պայմաններու մէջ հայ ժողովուրդը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դիմագրաւեն նոր դժուարութիւններ, հետեւաբար հայ ժողովուրդը պէտք է ըլլայ միասնակամ, միակամ այս դժուարութիւնները միասնաբար յաղթահարելու համար: Ապա Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին անունով Իշխան Սաղաթէլեան յայտարարեց. «Մեր երկրին մէջ կան սպառնացող վտանգներ, կան մեր ժողովուրդը պառակտելու եւ մասնատելու փորձեր: Միաժամանակ կը յայտարարեմ, որ մենք` իբրեւ Դաշնակցութիւն, այդ պառակտումը թոյլ պիտի չտանք, մենք պիտի ըլլանք միասնակամ, չկան հին եւ նոր Հայաստաններ, չկայ ղարաբաղցի, հայաստանցի, իջեւանցի, կիւմրեցի, լիբանանցի, կայ մէկ ժողովուրդ, մէկ հայրենիք, մէկ հիմնական նպատակ` ազատ, անկախ, միացեալ Հայաստան»:

Ապա իր խօսքը արտասանեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ շեշտեց, թէ միշտ միասին, միշտ կողք կողքի ըլլալը` յանուն հայ ժողովուրդին, եղած է ու կը շարունակէ մնալ լիբանանահայութեան գոյութեան իմաստը, պայքարի նպատակը, տասնամեակներու պատմութիւնը, որ փաստօրէն կը պահէ իր հնչեղութիւնն ու խորքայնութիւնը` սփիւռքի արիւնատար երակին` Պուրճ Համուտի դաշտը լեցուցած եւ «Մի՛շտ միասին» կարգախօսին ներքեւ համախմբուած ժողովուրդին պարզած տպաւորիչ պատկերով:
Ան դիտել տուաւ, որ պաշտօնական ու քաղաքական անձնաւորութիւններ, հոգեւորականներ, տարբեր կառոյցներու ներկայացուցիչներ, հարազատ ժողովուրդի իւրաքանչիւր անդամ համախմբուած է բաց աչքերով ու ականջներով` տեսնելու իրականութիւնը եւ ականջալուր ըլլալու անոր, մինչ ուրիշներ կ՛ուզեն մնալ համր ու կոյր` մերժելով տեսնել ու լսել ճշմարտութիւնը:

Յակոբ Բագրատունի իր խօսքը շարունակեց հաստատելով, որ ժողովուրդն ու Դաշնակցութիւնը իրարմով ապրելու պայմանաւորուածութիւն ունին, իրարու հետ ըլլալու երդում տուած են: «Ան, որ իր կեանքին գնով մեր ժողովուրդին ծառայելու եւ, ի պահանջել հարկին, նահատակուելու երդում տուած է, դաշնակցական մարդը, իր ժողովուրդը առանձին չի կրնար ձգել, որովհետեւ դաշնակցականը այն մարդն է, որ ամէն օր եւ ամէն վայրկեան կը տառապի, կը ցաւի իր ժողովուրդի հարցերով ու կը պայքարի, կը ճգնի, որպէսզի այդ հարցերը լուծուին», նշեց ան: Բագրատունի դիտել տուաւ, որ թէեւ շատ վատ օրեր ապրած ենք, եւ այդ դաժան օրերուն հետքը մնացած է իւրաքանչիւր ընտանիքի մէջ, սակայն պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ լիբանանահայութիւնը կրցած է յաղթահարել եւ յաղթանակել:
«Պիտի յաղթենք այս անգամ եւս, սիրելինե՛ր, պիտի յաղթանակենք միասնաբար, բաց ճակատով, թիկունք թիկունքի, բոլորս, մէկ բռունցքով` ի խնդիր Հայաստանի, Արցախի եւ համայն հայութեան», խօսքը եզրափակեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը:
Ապա ժողովուրդին խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասաւ սիրուած երգիչ Գառնիկ Սարգիսեանին կողմէ մեկնաբանուած ազգային ու յեղափոխական երգերով, որոնց միացան նաեւ ներկաները: