«Ազդակ».-Շաբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2019-ին, Լիբանան գտնուող ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան եւ նախագահ Սիմոն Սիմոնեան, որոնց կ՛ընկերակցէր նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, զոր կը գլխաւորէր երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին, որուն մաս կը կազմէին Մելիք Գարագաւորեան, Յակոբ Հաւաթեան եւ տոքթ. Էլի Թաշճեան, հանդիպում մը ունեցան Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի հետ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ հիւպատոս Լէոնարտ Ապաճեան, զինուորական կցորդ գնդապետ Ալեքսանդր Մուշեղեան եւ դեսպանութեան Գ. քարտուղար Դաւիթ Ալավերտեան:
Դեսպան Վահագն Աթաբէկեանին հետ հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակը, Հայաստան-Լիբանան միջպետական յարաբերութիւնները եւ զանոնք զարգացնելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու մակարդակն ու ներկայի իրավիճակը: