1923-ին, Հալէպի ալ Ճապրիէ թաղամասին մէջ կառուցուած Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցին անսասանօրէն կը շարունակէ հաւատացեալները իր երդիքին տակ պահելով կատարելագործել իր սրբազան առաքելութիւնը: Սուրիական պատերազմի տարիներուն Բեթէլ եկեղեցին կոթողային ներկայութեամբ զինք անսացողին փորձեց հասնիլ՝ համապասխան ծրագիրներով եւ գործունէութեամբ: Սակայն պատերազմի տարիներուն ահաբեկչական հրթիռակոծումներէն մասնակի վնասներ կրեց եկեղեցին: Այժմ, Հովանաւորութեամբ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան, նախաձեռնութեամբ Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի, եկեղեցւոյ տանիքը ամբողջովին վերանորոգելու ծրագիրը արդէն ի գործ դրուած է: Գալիք օրերուն եկեղեցին բարեզարդեալ վիճակի մէջ պիտի ընդունի հաւատացեալ ժողովուրդը։