«Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու բաժինը տեղեկացուց, թէ Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան 1 Հոկտեմբերին ընդունեց երկօրեայ աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ ժամանած Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ, ինչպէս նաեւ Ներկայացուցիչներու տան Ուժանիւթի եւ առեւտուրի յանձնախումբի ատենապետ Ֆրենք Փալօն:

Արցախի մէջ, քոնկրեսականին կ՛ուղեկցին անոր օգնական Ճէյմս Ճանսըն, Հայաստանի խորհրդարանի պագամաւորներ Մարիա Կարապետեան եւ Ծովինար Վարդանեան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու  Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան:

Նշենք, որ Փալօն եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութիւնը Ստեփանակերտի օդանաւակայանին մէջ դիմաւորեցին Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան, Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փոխնախագահ Դաւիթ Մելքումեան եւ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆելիքս Խաչատրեան: