«Էրմէնիհապեր».-Յունաստանի կառավարութիւնը որոշած է մինչեւ 2020-ի տարեվերջը 10.000 փախստական կրկին Թուրքիա ուղարկել:

Յունական իշխանութիւնները այդ որոշումը ընդունած են Յունաստանի Միտիլլի կղզիի ներգաղթեալներու ճամբարէն ներս տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերէն ետք:

Միջանկեալ յայտնենք, որ այդ ցոյցերուն ընթացքին հրդեհ  բռնկած էր, որմէ ետք բախումներ  եղած էին յոյն ոստիկաններու ու փախստականներու միջեւ, որուն հետեւանքով 1 կին մահացած էր, իսկ 17-ը վիրաւորուած:

«Reuters» լրատուական գործակալութեան հաղորդումով` փախստականներու ճամբարի եւ Մորիա քաղաքի բնակչութեան թիւը հասած է 12.000-ի:

Յունաստանի քաղաքացիներու պաշտպանութեան հարցերու նախարար Լեֆթերիս Էքոնոմուն այս դէպքերուն անդրադառնալով դիտել տուած է, որ Յունաստան ազգային լուրջ ճգնաժամի առջեւ կանգնած է: Իսկ Յունաստանի վարչապետ Կիրիակօս Միցոտաքիս որոշում  կայացուցած է նոր «փակ կեդրոններ» կառուցել այն փախստականներուն համար, որոնք չունին փաստաթուղթեր եւ անոնց համար, որոնք դիմած են ապաստան ստանալու, բայց մերժուած են:

Յունաստանի կառավարութիւնը նաեւ որոշած  է Էկէեան ծովուն մէջ ուժեղացնել առափնեայ պահպանութեան ծառայութիւնը:

ՄԱԿ-ի տուեալներով` Յունաստան եկած այդ փախստականներու մեծ մասը Աֆղանիստանի քաղաքացի է:

Բժիշկներ առանց սահմաններու կազմակերպութեան շրջանային ղեկավար Մարքօ Սանդրոն յայտնած է, որ Մորիայի ճամբարին մէջ կարելի է միայն 3000 մարդ տեղաւորել, մինչդեռ հիմա այնտեղ 13.000 մարդ ստիպուած է դժուար պայմաններու մէջ ապրիլ: