«Երկիր».- ТАСС-ի համաձայն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակի կարգաւորման քաղաքական գործընթացը արգելակուած է, խանգարելով որեւէ յաջողութեան արձանագրութիւն այդ ուղղութեամբ:
«Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը շփման գիծին վրայ բաւական հանգիստ է, միջադէպերը քիչ են, մեծ ծաւալներ չունին: Զոհերու մարմիններու փոխանակում տեղի ունեցած է, կը նախապատրաստուի կալանաւորուած մարդոց փոխանակում` ոչ մեծ քանակութեամբ, սակայն այնուամենայնիւ գործընթացը տեղի կ’ունենայ: ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները սերտօրէն կ’աշխատին ԱԳ նախարարներու հետ: Գետնի վրայ տիրող իրավիճակը, իմ կարծիքով, աւելի հանգիստ է, քան մէկ տարի առաջ, սակայն քաղաքական գործընթացը սառած է, եւ տակաւին այդ արգելակումէն դուրս չէ կրցած գալ», ըսած է Լաւրով:
Ան յայտնած է, որ կողմերը լուրջ յայտարարութիւններ կ’ընեն, որոնք, սակայն, չեն օգներ քաղաքական գործընթաց ստեղծելու մթնոլորտին․
«Մենք, որպէս համանախագահներ, ամերիկացիներու եւ ֆրանսացիներու հետ կ’աշխատինք միասին եւ միասնական տեսլական ունինք այս հարցին շուրջ: Մենք կը փափաքինք գտնել լուծում, որ, անշուշտ, պէտք է ուղիղ երկխօսութեան միջոցով գտնել», ըսած է Լաւրով:
Բանակցութիւններ կը վարուին, սակայն կարգաւորման մասին երկխօսութիւնը տակաւին չէ վերականգնուած», աւելցուցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը: