Եւրոպական Խորհուրդի 70-ամեակին առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով Սթրազպուրկ գտնուող Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն խօսած է նաեւ Սուրիոյ հարցով Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան մասին:
Դիտել տալով, որ Թուրքիոյ մէջ իրաւունքի պաշտպաններուն, մարդու իրաւունքներու պաշտպաններուն եւ ժողովրդավարական գաղափարներու ռահվիրաներուն նկատմամբ բռնի ճնշումներ կ’իրականանան՝ քայքայելով իրաւական պետութեան հիմքերը, Ֆրանսայի նախագահը անդրադարձած է նաեւ Սուրիոյ հարցով Թուրքիոյ վարած քաղաքականութեան:
Մաքրոն շեշտած է. «Ֆրանսա թոյլ չի տար, որ Թուրքիա սուրիացի գաղթականներուն հարցը շահարկելով եւ զայն որպէս գործիք օգտագործելով ներխուժէ Սուրիա»։ Ֆրանսայի նախագահին համաձայն, Թուրքիոյ վարած այդ քաղաքականութիւնը անընդունելի է։