«Արմէնփրէս».- Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան յայտարարած է, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները կը նախատեսեն տարածաշրջան այցելել:
Զախարովան ըսած է.«Կրնամ ըսել, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ համաձայնութեամբ` ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահները կը նախատեսեն այցելել տարածաշրջան` բանակցութիւններ վարելու եւ ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հարցը քննարկելու համար: Ժամկէտերը տակաւին ճշդուած չեն, մենք անոնց մասին կը տեղեկացնենք»: