«Հորիզոն».-Քանատահայ անուանի քանդակագործ, Քանատայի գեղարուեստի թագաւորական ակադեմիայի անդամ, Քեպէքի համալսարանի փրոֆեսոր Արտօ Չաքմաքճեան, 86 տարեկանին կնքած է իր մահկանացուն:
Ծնած է Գահիրէ: 15 տարեկանին ընտանիքը հայրենադարձած է Խորհրդային Հայաստան: Մասնագիտական ուսումը ստացած է Երեւանի գեղարուեստա-թատերական Համալսարանին մէջ: Ան ճանչցուած քանդակագործ էր, երբ ստիպուած եղաւ հեռանալու Հայաստանէն. անոր ստեղծագործելու ոճը խորթ էր Խորհրդային Միութեան սկզբունքներուն, 1964 թուականին Մոսկուայի Խաղաղութեան Կոմիտէի մրցանակաբաշխութեան ընթացքին արժանացած էր առաջին մրցանակի՝ իր «Հիրոշիմա» քանդակին շնորհիւ, միեւնոյն ժամանակ Երեւանի մէջ տեղադրուած անոր «Կոմիտաս» քանդակը ջարդած էին: 1975-ին մեծ քանդակագործը բնակութիւն հաստատեց Քանատայի Մոնթրէալ քաղաքին մէջ:
Հետագային իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ ան ըսած է. «Ես հեռացայ Հայաստանէն, որ շարունակեմ սիրել Հայաստանը: Ես չէի կրնար ապրիլ տարածքի մը մէջ, ուր արուեստի հետ այդպէս կը վարուին՝ կը ջարդեն գործը»:
Քանատայի կառավարութիւնը բազմիցս առաջարկած է քանդակագործին անոր երեք յարկանի տունը գնել եւ դարձնել թանգարան, սակայն քանդակագործը մերժած է, ըսելով որ այնտեղ պահուող իր բոլոր գործերը Հայաստանի համար են:
Այսօր Չաքմաքճեանի քանդակները կը զարդարեն աշխարհի շատ մը քաղաքներու փողոցներն ու անուանի պատկերասրահները, իսկ Հայաստանի մէջ անոր քանդակներէն ոչ մէկը տեղադրուեցան, նոյնիսկ անկախութենէն ետք: