Անկախութեան հանրաքուէի 28 ամեակը յատկանշուեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Լոս Անճելըս կատարած այցելութեամբ: Իր տեսակին, կամ աւելի ճիշդը՝ ձեւին մէջ այցելութիւնը նախընթաց չունի. առաջին անգամ ըլլալով էր, որ անկախ Հայաստանի պետական գլխաւոր դէմքը երկրի ազգային տօնը կը նշէ սփիւռքեան համայնքի մը հետ հանդիպումով՝ պետական մակարդակով անոր յիշատակումէն անմիջապէս յետոյ:
Վարչապետի այցելութեան նախօրեակին բնականաբար բազմացան մամլոյ օրգաններու մէջ թէ սոցիալական ցանցերու վրայ լուրջ եւ, շատ աւելի, անլուրջ քննարկումները: Այցելութենէն անմիջապէս յետոյ, առաւելի սպասելիօրէն, քննարկումները շարունակուեցան ընդհանրապէս շատ աւելի յուզական քան բանական մօտեցումով, աւելի կոնկրետ՝ Վարչապետին հանդէպ համակրանք-հակակրանք կտրուածքով: Հարցադրումներ եղան այդ հանդիպման միտք ի բանին բացայայտելու համար, «շօո՞ւ» էր, թէ՞ քաղաքական պատգամ, եւ տակաւի՛ն՝ Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը որպէս թէ Սփիւռք փոխադրելու զգուշացումներ հնչեցին: Հայաստանի անկախացումէն յետոյ իրարայաջորդ իշխանութիւններու առաջին դէմքերու ամէն այցելութիւնները սփիւռքեան որեւէ համայնք բնականաբար նաեւ քաղաքական բնոյթ ունեցած են՝ այն իմաստով, որ օրուան իշխանութիւնները մի՛շտ ալ փորձած են եթէ ոչ երաշխաւորել Սփիւռքի զօրակցութիւնը իրենց քաղաքական ուղեգիծին, առնուազն հետամուտ եղած են քննադատութիւնները նուազեցնելու եւ համակիրներ, նախընտրաբար՝ ազդեցիկ անձնաւորութիւններ եւ ոչ այնքան համայնքային կազմակերպութիւններ, շահելու:
Անկախ թէ ով ըլլայ իշխանութեան վրայ, հայրենի իշխանութիւններու այս մօտեցումը իր բովանդակութեան մէջ արմատական փոփոխութեան պիտի չ’ենթարկուի, թէեւ, անշուշտ, Սփիւռքի հետ յարաբերելու ձեւը իր հիմնական կարեւորութիւնը միշտ ալ պիտի ունենայ: Այսինքն՝ Հայաստանի պետական որեւէ այցելութիւն սփիւռքեան որեւէ համայնք «քաղաքական» պիտի ըլլայ այս իմաստով: Գոնէ այնքան ատեն որ Սփիւռքը մասնակից չէ Սփիւռք-Հայաստան օրակարգի մը կազմութեան գործընթացին, որպէս նուազագոյն պայման այդ օրակարգի համահայկականութեան ապահովման: Իտէալը, անշուշտ, Ազգային Ժողովէն ներս սփիւռքեան ինչ որ ձեւաչափով ներկայացուցչութիւն մըն է:
Խուսափելու համար Վարչապետին Լոս Անճելըս այցելութեան «քաղաքականացում»էն, թերեւս հետաքրքրական կ’ըլլայ այդ մասին քննարկումը դուրս բերել իր քաղաքական բովէն, շրջանցել զայն Փաշինեանի հանդէպ համակրանք-հակակրանքի կտրուածքով կատարելու փորձութեան թակարդը եւ մինչեւ իսկ պահ մը մէկ կողմ ձգել իր տուած պատգամին տառին թէ ենթադրեալ յետին մտադրութեան անդրադարձը: Եթէ վարչապետին Սփիւռք կատարած այս առաջին գլխաւոր այցելութիւնը տեղադրենք Հայաստանի անկախացումէն ի վեր Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու գրեթէ երեսնամեայ պատմական հոլովոյթին մէջ, ապա եւ պիտի անդրադառնանք որ այն կու գայ օրին Ռոպերթ Քոչարեանի գլխաւորած իշխանութիւններու կազմակերպած Հայաստան-Սփիւռք առաջին խորհրդաժողովէն ճիշդ 20 տարի յետոյ:
Քսան տարի առաջ էր, որ օրուան քաղաքական դէմքերը՝ նախագահ Քոչարեանը անձամբ, բայց նաեւ՝ վարչապետ Վազգէն Սարգսեանը, արտաքին գործոց նախարար Վարդան Օսկանեանը, նշելու համար մէկ քանին միայն, որոշում առած էին վերջ տալ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի օրով, յատկապէս 1992-էն յետոյ, սփիւռքահայութիւնը «օտարերկրացի» համարելու քաղաքական ուղեգիծին, նախքան որ այն կառուցային բնոյթ ունենար եւ վերածուէր ձեւաչափի: Հարցը միայն Հայաստանի առաջին Նախագահին Սփիւռքի հանդէպ անյարգալից ու մեծամտական կեցուածքը չէր իր «նարինջ ուտողներ»ու տխրահռչակ ելոյթով, այլ՝ ազգային հաւաքական ինքնութեան իր շատ նեղ եւ ենթադրաբար «լիբերալ» հասկացողութիւնը, որուն համաձայն հայ էր միայն Հայաստանի քաղաքացին: Իշխանութիւնը իր ձեռքերուն մէջ կեդրոնացնելու մտահոգութեամբ կլանուած Տէր Պետրոսեանի այդ կոյր մօտեցումը, մերժումն էր ամէնէն առաջ համահայկականութեան եւ համահայկական օրակարգի մը գոյութեան: Իսկ Հայաստան-Սփիւռք առաջին խորհրդաժողովը եկաւ համահայկականութեան գաղափարը, որու իրականութեան փաստը տուած էր Արցախով սկսած ազգային ազատագրական պայքարի նորագոյն հանգրուանը, վերակենդանացնելու:
Միաժամանակ, ան ուղի հարթեց նախ քաղաքական կենսական փոփոխութիւններու, որոնց շարքին՝ քաղաքացիութեան օրէնքը, ապա նաեւ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու ձեւաչափի մը կայացման, ընդ որում սփիւռքեան գոյավիճակը եւ անոր ռազմավարական կարեւորութիւնը պետական մակարդակով հաստատագրուած մնացին:
Հայաստան-Սփիւռք առաջին խորհրդաժողովը եւս եղաւ մեծ «շօու» մը այդ յղացքի տառացի հասկացողութեամբ: Այնպէս ինչպէս միեւնոյն հասկացողութեամբ «շօու» եղան յաջորդ խորհրդաժողովները: Բայց ո՞վ կրնայ ժխտել յատկապէս առաջին խորհրդաժողովին ստեղծած մեծ խանդավառութիւնը եւ մանաւանդ անդրադարձը ներազգային գործընթացի կարեւոր ու անկիւնադարձային զարգացումներուն վրայ: Այդ զարգացումներուն թերեւս ամէնէն դիպուկը, կամ մի գուցէ եւ ամէնէն ճակատագրականը եթէ պահ մը միայն մտածենք սուրիահայութեան կացութեան մասին, քաղաքացիութեան օրէնքի փոփոխութիւնն էր: Հայաստան-Սփիւռք առաջին խորհրդաժողովը չէր անշուշտ որ օրէնքի փոփոխութիւնը բերաւ: Բայց այդ խորհրդաժողովին էր որ նախագահ Քոչարեան յայտարարեց թէ նպատակ ունի հարցը օրակարգի վերածելու: Այդ յայտարարութիւնը կատարելու համար ալ խորհրդաժողովի կազմակերպողները դիմած էին Սփիւռքի ամենաքաջածանօթ ակադեմականին՝ յանձինս Խաչիկ Թէօլոլեանի, որ աշխատանքային խումբ մը կազմէր ու կարծիք ներկայացնէր: Աւելի՛ն, քանի որ ներկայացուած կարծիքը ունէր նաեւ իր հիմնաւորուած վերապահումները քաղաքացիութեան օրէնքի մտքի ստեղծելիք սխալ սպասումներու իմաստով, նախագահ Քոչարեան չվարանեցաւ անձնապէս հանդիպելու աշխատանքային խումբի անդամներուն հետ՝ կարծիքներու փոխանակման ու փոխ-հասկացողութեան համար:
Քաղաքացիութեան օրէնքի փոփոխութիւնն ու անոր առնչութիւնը Հայաստան-Սփիւռք առաջին խորհրդաժողովին բերուած է օրինակի կարգով միայն: Կարելի է բերել շատ ուրիշ օրինակներ ցոյց տալու համար որ թեթեւամտութիւն է Հայաստան-Սփիւռք ամէն հանդիպում, ընդ որում նաեւ Լոս Անճելըսի այս վերջին հաւաքը, արհամարհել որպէս «շօու», առանց նման նախաձեռնութիւններու իրողական թէ կարողական անդրադարձին մասին մտածելու օրուան անմիջականութեան ոլորտէն անդին՝ համահայկականութեան հեռանկարով: Թերեւս այդ մէկը միայն մտաւորական ճիգ մըն է, շատերուն համար՝ ժամավաճառութիւն կամ «հերիֆութիւն», բայց այլ ձեւ չկայ հաւաքական գիտակցութիւն կերտելու եւ կոնկրետ ձեռքբերումներու հասնելու:
Քսան տարի անցած է Հայաստան-Սփիւռք առաջին այդ հանդիպումէն եւ ահաւասիկ տեղի կ’ունենայ նմանատիպ հանդիպում մը, ճիշդ է համայնքային մակարդակով որով եւ հաւանաբար այնքան ալ ճշգրիտ չէ Հայաստան-Սփիւռք հանդիպում կոչել այն, բայց այնուամենայնիւ յատկանշական է իր բացած կամ բանալիք հեռանկարին իմաստով: Այդ իսկ պատճառով վարչապետ Փաշինեանի Լոս Անճելըս այցին մասին հարցումը պէտք չէ բանաձեւուի ոչ իր հետ համայնքի հաւաքին «շօու» ըլլալու կամ չըլլալու իմաստով, ոչ իր անձին հանդէպ համակրանքի թէ հակակրանքի կտրուածքով, ոչ ալ թէկուզ Թաւշեայ Յեղափոխութեան «սփիւռքացման» հեքիաթով մը, անկախ թէ այն մեզ կը խանդավառէ թէ կը մտահոգէ: Վարչապետին այս այցն ու անոր յաջորդելիք միւս այցերը, որոնք թէկուզ եւ չունենան վերանկախացման տօնին խորհրդանշականութիւնը, եթէ երբեւէ ազդանշան պիտի տան Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու նոր ձեւաչափի մը, արդե՞օք այն պիտի գայ անցնող քսանամեակի կտրած ուղիին իրագործումներուն նոր որակ բերելու, նոր հորիզոններ բանալու, թէ՞ անցած ուղին անտեսելու եւ ամէն ինչ զերոյէն սկսելու մեծամտութեան սխալը պիտի գործէ: Ահա ա՛յս է հարցումը որ պէտք է ընել:
Այս գրութիւնը, հետեւաբար, պարզ հրաւէր մըն է Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մասին մտածելու անցնող առնուազն քսանամեակի ուղիին գիտակցելով, ամբողջ նիւթ մը՝ առանձին յօդուածի, եթէ ոչ ուսումնասիրութեան կամ մի գուցէ խորհրդաժողովի համար: Փափաքելի պիտի ըլլար որ այն պետական նախաձեռնութիւն ըլլար՝ Սփիւռքի գործուն մասնակցութեամբ: Բայց եթէ ինչ որ հայրենի Ռէզոն տեւէթա մը կայ որ նման նախաձեռնութիւն շահագրգիռ չնկատէ, ան կրնայ եւ համասփիւռքեան ծրագիր մը ըլլալ եւ անոր հրաւիրուի պետական ներկայացուցիչը՝ Սփիւռքի հարցերու գործակատարի, Հանրապետութեան Նախագահի թէ Վարչապետի մակարդակով:
Այդ իսկ պատճառով թերեւս հետաքրքիր պիտի ըլլայ այս գրութիւնը եզրափակել Հայաստան-Սփիւռք առաջին խորհրդաժողովին, այդ անմոռանալի «շօու»ին հնչած Վահէ Օշականի խօսքերը. «մէկ ազգ՝ այո՛, մէկ հայրենիք՝ այո՛, մէկ մշակոյթ՝ չեմ գիտեր»: Վահէին այս խօսքերը միասնականութեան թէ համահայկականութեան ժխտումը չէին, այլ՝ գիտակցութեան հրաւէր Սփիւռքեան գոյավիճակին եւ Արեւմտահայ մշակոյթի առանձնայատկութեան: Եւ այս, այնքան ծափահարուած խօսքերուն մէջբերումը, թող յիշեցում մը ըլլայ Սփիւռքին ֆրանսական հանրածանօթ ասացուածքի մը հետեւումով՝ «դուն քեզի օգնէ՛ (կազմակերպուիր) եւ (թերեւս) հայրենի պետութիւնը քեզ կ’օգնէ»:
Խաչիկ Տէր Ղուկասեան