Ուրբաթ, 4 Հոկտեմբեր 2019-ին, պատերազմին հետեւանքով 8 տարի դադրելէ ետք, Հալէպի մէջ վերստին Բամպակի
Փառատօն տեղի ունեցաւ։
57-րդ այս փառատօնին ընթացքին քաղաքի կեդրոնական հրապարակներուն մէջ շրջեցան բամպակ ցանող եւ արտադրող ընկերութիւններու, Հալէպի արդիւնաբերութեան եւ առեւտուրի գրասենեակին յատուկ բամպակով զարդարուած հանրակառքեր։